Հանգստեան կոչուած հազարապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց կազմելու 14 նախարարէ բաղկացող կառավարութիւն մը` փրկելու համար Լիբանանը, որովհետեւ տիրող կացութիւնը լարուածութիւն կամ աշխատանքի արգելակում չի հանդուրժեր այլեւս:
Ռուքոզ շեշտեց, որ կարելի է այս կառավարութիւնը հաշուետուութեան կանչել խորհրդարանին եւ խորհրդարանի հսկայ խմբաւորումներուն կողմէ:
Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան թնճուկները հանգուցալուծելու նպատակով առաջադրուած նախագահական վերջին նախաձեռնութիւնը բացառիկ էր, սակայն անիկա եւս ձախողած է:



