Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապուլ Ղէյթ Ընդգծեց Արաբական Լիկայի Զօրակցութիւնը Լիբանանի Կայունութեան Ամրապնդումին

February 12, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Ապուլ Ղէյթին յայտնեց, թէ Լիբանան կազմած է յանձնախումբ մը, որ պիտի հետեւի 20 յունուար 2019-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Տնտեսական բարգաւաճումի արաբական վեհաժողովէն բխած որոշումներուն գործադրութեան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց այդ վեհաժողովէն բխած որոշումներուն կարեւորութիւնը եւ արաբական միացեալ աշխատանքին վրայ անոնց գործադրութեան ունենալիք արդիւնքները:

Նախագահ Աուն աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութեան հետ նամակագրութիւն պիտի պահէ` Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման Արաբական դրամատուն մը հիմնելու առաջարկին մանրամասնութիւններուն գծով:

Իր կարգին, Ապուլ Ղէյթ շնորհաւորեց նախագահ Աունը Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ մաղթեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը կայունութիւն արձանագրէ:

Ապուլ Ղէյթ նախագահ Աունը տեղեակ պահեց յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Թունուզի մէջ գումարուելիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ փետրուարի աւարտին Շարմ Շէյխի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական – եւրոպական վեհաժողովին մանրամասնութիւններուն մասին:

Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման Արաբական դրամատուն մը հիմնելու նախագահ Աունի առաջարկը անմիջապէս Արաբական տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին կողմէ պիտի քննարկուի, երբ անիկա Լիբանանի կողմէ պաշտօնապէս յղուի իրենց:

Նախագահ Աուն եւ Ապուլ Ղէյթ քննարկեցին նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Հարիրիի Մօտ

Ապուլ Ղէյթ այցելեց նաեւ վարչապետ Հարիրիի` ներկայութեամբ դեսպաններ Հուսամ Զաքիի եւ Ապտել Ռահման Սոլհի, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի:

Երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած են շարք մը հարցեր` ըլլան անոնք լիբանանեան թէ շրջանային, ինչպէս նաեւ Տնտեսական բարգաւաճման արաբական վեհաժողովին վերաբերող:

Ապուլ Ղէյթ շեշտեց, որ Արաբական լիկան կը զօրակցի Լիբանանին եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ամրապնդելու համար անոր ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ իրականացնելու անոր բարօրութիւնը:

Միւս կողմէ, Ապուլ Ղէյթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններու ղեկավարներ Սամիր Ժահժահի եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Ժահժահի հետ Ապուլ Ղէյթ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, իսկ Ժոմպլաթի հետ քննարկեց արաբական աշխարհի զարգացումները եւ պայմանաւորուեցաւ մօտիկ ապագային Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունենալ:

 

 

Նախորդը

«Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշան` ՀՄԸՄ-ին. «ՀՄԸՄ-ը Մեր Երազած Ազատ, Անկախ Ու Ամբողջական Հայաստանը Ապրեցաւ Ու Ապրեցուց Մեր Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Տուպայի Մէջ. Վարչապետ Հարիրի Կը Հաստատէ «Սետր»-ի Խորհրդաժողովին Խոստացուած Բարեկարգումները Գործադրելու Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.