Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տուպայի Մէջ. Վարչապետ Հարիրի Կը Հաստատէ «Սետր»-ի Խորհրդաժողովին Խոստացուած Բարեկարգումները Գործադրելու Յանձնառութիւնը

February 12, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր մասնակցեցաւ Կառավարութիւններու համաշխարհային վեհաժողովին:

Այս առիթով վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի հետ:

Դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահ, Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Տուպայի մէջ տեղի ունեցած Կառավարութիւններու համաշխարհային վեհաժողովին ընթացքին վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը բարեկարգումի իր ծրագիրը յստակօրէն մշակած է` քաջալերելու համար ներդրողները եւ պայքարելու համար փտածութեան դէմ:

«Հակառակ անոր որ փտածութեան դէմ պայքարը դժուար պիտի ըլլայ, սակայն անոր շուրջ գոյացած լիբանանեան քաղաքական համախոհութիւնը պիտի դիւրացնէ մեր գործունէութիւնը», ըսաւ Հարիրի:

Վարչապետ Հարիրի Տուպայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Փաքիստանի վարչապետ Օմրան Խանի եւ արաբ ու օտար ներդրողներու, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ելեւմուտքի եւ ճարտարարուեստի նախարար Պրիւնօ Լը Մերի հետ:

Լը Մեր Հարիրիի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը եւ Լիբանանի մէջ բարեկարգումներու գործադրութեան եղանակը:

«Վարչապետ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծեցի Ֆրանսայի ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանի մէջ տնտեսական բարեկարգումներու գործադրութեան», ըսաւ Լը Մեր` աւելցնելով, որ Լիբանան մեծապէս պիտի օգտուի «Սետր»-ի խորհրդաժողովէն եւ իր գործադրելիք բարեկարգումներէն:

Վարչապետ Հարիրի Տուպայի լիբանանեան հիւպատոսարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ան շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին տրուած բարեկարգումներու խոստումին գործադրութեան` շեշտելով, որ իրենք Լիբանանը կը փափաքին Տուպայի վերածել:

Ան հաստատեց, որ փտածութեան դէմ պայքարն ու մսխումներու կրճատումը պիտի ըլլան կառավարութեան հիմնական աշխատանքները:

 

 

Նախորդը

Ապուլ Ղէյթ Ընդգծեց Արաբական Լիկայի Զօրակցութիւնը Լիբանանի Կայունութեան Ամրապնդումին

Յաջորդը

Ռոպեր Ղանեմ Մահացաւ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.