ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան հողերը պաշտպանելու իմաստով մեզի համար օրինականութիւնը կարեւոր է:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատրաստ է 2019-ի պետական ամավարկը քննարկելու:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ շեշտեց, որ տեղահանուածներու թղթածրարը կարելի չէ լուծել` առանց Սուրիոյ հետ խօսելու: Ժամանակն է արդէն, որ Լիբանանի շահերը առաջնահերթ նկատենք:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Ֆատի Ժրայսաթի հանդիպում մը ունեցաւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կենսոլորտային շարք մը հարցեր: Ապի Ռամիա ընդգծեց, որ խորհրդարանին մէջ պիտի պայքարին, որ կենսոլորտի մարզը բարելաւելու եւ ապականումը վերացնելու կարելիութիւններ ապահովուին:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման յայտնեց, որ ինք լիբանանցիներուն աշխատանքի պայմաններ պիտի ապահովէ` հաստատելով, որ նախարարութեան վերաբերող բոլոր դժուար որոշումները պիտի տայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները` Դիմադրութեան պետութիւն ըլլալու համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ բանավէճը արդէն իսկ շրջանցուած պէտք է նկատել եւ վերջ տալ լարուած յայտարարութիւններուն, որոնք կ՛արգելակեն կառավարութեան աշխատանքը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութիւնը երէկ սկսած է` նկատի ունենալով, որ անոր իշխանութեան առաջին կառավարութիւնը երէկ գումարեց իր նիստը եւ վաւերացուց իր աշխատանքային ծրագիրը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ կայ կէտ մը, որ պէտք է անպայման գործադրել: Այդ կէտը ելեկտրականութեան մարզին մէջ արձանագրուած մսխումի կասեցումն է:
Ան հաստատեց, որ ելեկտրականութեան մարզին մէջ մեծագոյն սխալը պիտի ըլլայ ելեկտրական հոսանքի սակին բարձրացումը` նախքան ստացուած ելեկտրականութեան համար կատարուած վճարումները գանձելու հոլովոյթին մէջ արձանագրուած մսխումին կասեցումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին կոչ ուղղեց, որ Սուրիա առանց նախապայմանի Արաբական լիկա վերադառնայ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըսի խորհրդական Ռիֆաաթ Պատաուի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանողը «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութեան» եռեակ տարազն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի ներկայացուցիչ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ երկրին մէջ բարեկարգումները իրագործելու իմաստով պէտք է սպասել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի գործադրութեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը զօրակցի Սուրիոյ նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն վարելու սկզբունքին եւ այս իմաստով արտաքին գործոց նախարարին նեցուկ կը կանգնի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ կը նախապատրաստէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի Պէյրութ կատարելիք այցելութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար սուր մրցակցութիւն կայ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Հանի Շմայթլիի եւ Լեռնալիբանանի նահանգապետ, դատախազ Մոհամետ Մաքքաուիի միջեւ:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ սուր բանավէճը հանդարտեցնելու իմաստով Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի մեծ ջանքեր ի գործ դրած է: