Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռոպեր Ղանեմ Մահացաւ

Փետրուար 12, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին նախարար եւ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ անցեալ շաբաթ օր սրտի կաթուածի պատճառով մահացաւ:

Ռ. Ղանեմ ծնած է Արեւմտեան Պեքաայի Սաղպին գիւղաքաղաքին մէջ, 1942-ին: Ան զաւակն է լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար զօր. Իսքանտար Ղանեմի:

Իրաւաբանութեան ճիւղը աւարտած է 1965-ին, իսկ 1992-ի, 2000-ի, 2005-ի եւ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ներկայացած է իբրեւ թեկնածու եւ բոլոր ընտրութիւններուն ալ յաջողած` քանի մը նստաշրջան իր կեանքը նուիրելով խորհրդարանի օրէնսդրական աշխատանքին:

2005-էն սկսեալ մինչեւ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները նախագահած է վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին:

Ռոպեր Ղանեմ օրէնսդրական բարձր կարողութեան տէր անձնաւորութիւն մը եղած է եւ օրէնքներ մշակած բազմաթիւ մարզերու համար:

Ռ. Ղանեմի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 12 փետրուար 2019-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի գուժեց մահը Ռոպեր Ղանեմի, որ Լիբանանի օրէնսդրական կեանքին համար յաւելեալ արժէք մըն էր:

Ան շեշտեց, որ Ղանեմի կորուստով Լիբանան կը կորսնցնէ վաստակաւոր օրէնսդիր մը եւ ազնիւ, հաւատարիմ ու պարկեշտ անձնաւորութիւն մը:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի գուժեց Ղանեմի մահը` շեշտելով, որ Ղանեմի կորուստով Լիբանան կորսնցուցած պիտի ըլլայ բացառիկ կարողութիւններով օժտուած խորհրդարանական օրէնսդիր մը, որ կը զատորոշուի իր պարկեշտութեամբ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ցաւ յայտնեց Ղանեմի մահուան սուգին առիթով եւ ընդգծեց, որ Լիբանան կորսնցուցած է իր սահմանադրութեան պահապաններէն եւ պարկեշտ երեսփոխաններէն մէկը, որ կը յարգէր օրէնքը եւ յանձնառու կը մնար սահմանադրութեան գործադրութեան:

Նախկին նախարար Նուհատ Մաշնուք գուժեց Ղանեմի մահը եւ շեշտեց, որ ան մնայուն կերպով կառչած մնացած է չափաւորականութեան:

 

Նախորդը

Տուպայի Մէջ. Վարչապետ Հարիրի Կը Հաստատէ «Սետր»-ի Խորհրդաժողովին Խոստացուած Բարեկարգումները Գործադրելու Յանձնառութիւնը

Յաջորդը

Պըրրի Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Վստահութեան Քուէի Լիագումար Նիստերուն

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?