Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

February 8, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր կազմութենէն ճիշդ շաբաթ մը ետք, կառավարութիւնը վաւերացուց իր աշխատանքային ծրագիրը:

Երէկ կէսօրին կառավարութիւնը նախագահական պալատին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վերաբերող հարցեր:

Նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ եռօրեայ նիստերէ ետք նախարարական յանձնախումբին մշակած աշխատանքային ծրագիրը, որ արժանացաւ կառավարութեան վաւերացումին:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց աշխատանքային ծրագիրի արագ պատրաստութիւնը` նկատել տալով, որ ծրագիրին պարփակած կէտերը ամբողջական են` երկիրը յուզող հիմնական խնդիրներուն առումով:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց կեդրոնանալու կառավարութեան օրակարգերը սերտելու աշխատանքին վրայ` նուազեցնելով քաղաքական ընդմիջումներն ու խուսափելով բանավէճերէն, որոնք ապարդիւն են եւ ազգային շահերուն չեն ծառայեր:

Ան նշեց, որ քաղաքական խորհրդակցութիւնները կարելի է կատարել խորհրդարանին մէջ:

Նախագահ Աուն վարչապետ Հարիրիէն պահանջեց յաւելեալ կառավարական միասնականութիւն, ինչպէս նաեւ քաղաքական բանավէճերէ հեռացում, որովհետեւ քաղաքականութեան մէջ կարելի չէ ամէն բանի շուրջ համաձայնիլ:

Ան շեշտեց, որ խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալէ ետք, կառավարութիւնը պիտի գործէ լիբանանցիներուն կեանքին համար կարեւոր հիմնական հարցեր լուծելու նպատակով:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւնները էական չեն, այլ` լեզուական, որպէսզի կարգ մը կէտեր աւելի յստակ հասկցուին:

«Աշխատանքային ծրագիրին վրայ աւելցաւ նաեւ պարբերութիւն մը, որ կը վերաբերի մշակոյթին եւ Լիբանանի մշակութային ժառանգութեան պահպանումին: Իսկ նախարարական յանձնախումբին կողմէ մշակուած աշխատանքային ծրագիրը մնաց նոյնը», ըսաւ Ժարրահ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութիւնը ե՞րբ պիտի գումարէ իր առաջին նիստը, Ժարրահ յայտնեց, որ նախ եւ առաջ անիկա պէտք է խորհրդարանի վստահութեան քուէին արժանանայ:

Ժարրահ նշեց, որ միակ վերապահութիւնը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ներկայացնող նախարարները յայտնած են` երկրին բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու մասին լիբանանեան պետութեան դերակատարութեան մասին:

ՆՇԵՆՔ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստերու, որոնք պիտի գումարուին երեքշաբթի, 12 եւ չորեքշաբթի, 13 փետրուարին, ցերեկային եւ գիշերային հանդիպումներով: Նիստերուն ընթացքին խորհրդարանը պիտի քննարկէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, որուն հիման վրայ իր վստահութիւնը պիտի շնորհէ նորակազմ կառավարութեան:

Նախորդը

Իտալիոյ Վարչապետը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին Եւ Պատրաստակամութիւն` Խաղաղութեան Եւ Երկխօսութեան Նպաստելու

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Մոսկուա Այցելած Է

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.