Լիբանանեան

Խորհրդարանին Մէջ.  Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Անդամ  Յակոբ Թերզեանի Արտասանած Խօսքը

Խորհրդարանին Մէջ. Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Անդամ Յակոբ Թերզեանի Արտասանած Խօսքը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկման խորհրդարանի նիստին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շնորհաւորեց լիբանանցիները նոր կառավարութեան կազմութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք դիւրացուցին կառավարութեան կազմութիւնը` վերջ տալով կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող բոլոր արգելքներուն: Կառավարութեան «Դէպի աշխատանք» անուանումը գնահատելի է եւ իբրեւ այդպիսին կարելի չէ զայն «սպասումի» կառավարութեան վերածել, որովհետեւ լիբանանցի քաղաքացին...

Նախարար Կիտանեան Կ՛ողջունէ Սէուտցի  Քաղաքացիներուն Լիբանան Այցելութեան  Արգելքը Վերացնելու  Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Նախարար Կիտանեան Կ՛ողջունէ Սէուտցի Քաղաքացիներուն Լիբանան Այցելութեան Արգելքը Վերացնելու Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ողջունեց սէուտցի քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութեան արգելքը վերացնելու Սէուտական Արաբիոյ որոշումը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան այցելութենէն զգուշանալու պատճառները այլեւս գոյութիւն չունին: Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի մէջ սէուտցի դեսպան Ուալիտ Պուխարիին` զբօսաշրջութեան մարզին նկատմամբ այդ դրական եւ զօրակցական որոշումին համար` ընդգծելով, որ անիկա լիբանանեան զբօսաշրջութեան ու տնտեսութեան մարզերուն վրայ դրական արդիւնքներ պիտի ունենայ: Նախարար...

Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան  14-րդ Տարելիցի Նշում

Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 14-րդ Տարելիցի Նշում

«2019-ն Պիտի Ըլլայ Արդարութեան Տարին, Իսկ Լիբանան Ոչ Մէկ Առանցքի Հետեւորդ Երկիր Կը Նկատուի» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 14-րդ տարելիցին առիթով նախանցեալ օր յետմիջօրէին, Մուսթաքպալ հոսանքին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, Պիելի ծովահայեաց սրահին մէջ: Յիշատակի ձեռնարկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի  կողքին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Սելիմ...

Ժոմպլաթ Ընդունեց Օլուլան

Ժոմպլաթ Ընդունեց Օլուլան

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ օր Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական պալատի խորհրդատու Նիզար Օլուլան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ, կրթութեան եւ ճարտարարուեստի նախարարներ Աքրամ Շեհայէպ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Մարուան Համատէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ապա...

Մամլոյ Արձակուրդ

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 14-րդ տարելիցին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 15 փետրուար 2019-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 16 փետրուարին:

Խորհրդարանը Շարունակեց Կառավարութեան  Մշակած Աշխատանքային Ծրագիրի Քննարկումը,  Որ Պիտի Տեւէ Մինչեւ Շաբաթավերջ. Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Ու ՀՅ Դաշնակցութեան Անունով Յ. Թերզեան  Կառավարութեան Շնորհեց Վստահութեան Քուէն

Խորհրդարանը Շարունակեց Կառավարութեան Մշակած Աշխատանքային Ծրագիրի Քննարկումը, Որ Պիտի Տեւէ Մինչեւ Շաբաթավերջ. Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Ու ՀՅ Դաշնակցութեան Անունով Յ. Թերզեան Կառավարութեան Շնորհեց Վստահութեան Քուէն

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին շարունակեց քննարկել կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Առաւօտեան նիստին ընթացքին խօսք առաւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ, որ իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան այն նախապայմանով, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան հոսանքը շուրջօրեայ դրութեամբ ապահովելու ծրագիրը վաւերացուի: Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ շեշտեց, որ բարգաւաճման հիմնասիւներէն մէկը քննչական խորհուրդները...

Կիտանեան. «Լիբանանցիներուն Կը Սպասէ  Խոստմնալից Զբօսաշրջական Եղանակ Մը»

«Նորակազմ Կառավարութեան Մէջ Կայ Այնպիսի Միասնականութիւն, Որ Կ՛Արտօնէ Անոր Գործել Եւ Նուաճումներ Իրականացնել» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութեան մէջ կայ այնպիսի միասնականութիւն, որ կ՛արտօնէ անոր գործել եւ նուաճումներ իրականացնել: Նախարարաց խորհուրդին մաս կազմող քաղաքական բոլոր ուժերն ու հոսանքները քաջատեղեակ են, որ երկրին տնտեսական եւ կենցաղային իրավիճակը յաւելեալ քաղաքական լարուածութիւն չի կրնար հանդուրժել: «Ինծի համար յստակ է, որ կայ հասունութիւն մը` քաղաքական տարակարծութիւնները...

Օլուլա Շնորհաւորեց Լիբանանը Նոր  Կառավարութեան Կազմութեան Առիթով,  Իսկ Սէուտական Արաբիա Պաշտօնապէս Ջնջեց  Սէուտցի Քաղաքացիներուն  Լիբանան Այցելութեան Արգելքը

Օլուլա Շնորհաւորեց Լիբանանը Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Առիթով, Իսկ Սէուտական Արաբիա Պաշտօնապէս Ջնջեց Սէուտցի Քաղաքացիներուն Լիբանան Այցելութեան Արգելքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական պալատի խորհրդատու Նիզար Օլուլան, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը նախանցեալ գիշեր հասած էր Պէյրութ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի: Օլուլա հանրապետութեան նախագահին փոխանցեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորութիւնները` Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առիթով: Օլուլա...

Շարպել Նահհաս Զգուշացուց Ընկերային  Վտանգներէ, Որոնց Զուգահեռ  Կրնայ Ընթանալ Ապահովական Պայթում Մը

Շարպել Նահհաս Զգուշացուց Ընկերային Վտանգներէ, Որոնց Զուգահեռ Կրնայ Ընթանալ Ապահովական Պայթում Մը

Նախկին նախարար Շարպել Նահհաս հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ գաղտնիք չէ, թէ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն կամ խորհրդարան գոյութիւն չունին, այլ` 6 կամ 7 ղեկավարներ, որոնք իրենց ներկայացուցիչներուն ընդմէջէն կը կառավարեն երկիրը: Ան նշեց, որ նախկին եւ ներկայ կառավարութիւններուն միջեւ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ` նոյնիսկ եթէ ներկայ կառավարութիւնը 9 ամիս ետք կազմուած է: Նահհաս ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը չէր կազմուեր, եթէ...

Խորհրդարանը Առաւօտեան Եւ Գիշերային  Նիստերով Սկսաւ Քննարկել Կառավարութեան  Աշխատանքային Ծրագիրը

Խորհրդարանը Առաւօտեան Եւ Գիշերային Նիստերով Սկսաւ Քննարկել Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին գումարեց իր լիագումար նիստերը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Առաւօտեան նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելէ ետք նախկին երեսփոխաններ Էտկար Մաալուֆի եւ Ռոպեր Ղանեմի մահուան յիշատակը: Ապա կարդացուեցան նախկին կառավարութեան հրաժարականին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի նշանակման ու կառավարութեան կազմութեան հրամանագիրները, որմէ ետք վարչապետ Հարիրի ներկայացուց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը: Մուտքէ...

Նախարար Կիտանեան Նշանակուեցաւ  Յորդանանի Միջին Արեւելք Համալսարանի  Խորհրդատուներու Խորհուրդի Անդամ

Նախարար Կիտանեան Նշանակուեցաւ Յորդանանի Միջին Արեւելք Համալսարանի Խորհրդատուներու Խորհուրդի Անդամ

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ ստացաւ նամակ մը` Յորդանանի Միջին Արեւելք համալսարանի նախագահ Եագուպ Նասրէտտինէն եւ Միջին Արեւելքի ճամբորդութեան եւ զբօսաշրջութեան բարգաւաճման կեդրոնի նախագահ Թալեպ Ռիֆայիէն: Նամակին մէջ շեշտուեցաւ, թէ իրենց համար պատիւ է նախարար Կիտանեանը նշանակել Միջին Արեւելք համալսարանի խորհրդատուներու խորհուրդի անդամ: Նամակին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Միջին Արեւելքի ճամբորդութեան եւ զբօսաշրջութեան բարգաւաճման կեդրոնը հիմնուած է 21 յուլիս 2018-ին,...

Նախագահ Աուն Տեղահանուածներու  Թղթածրարը  Քննարկեց Արսլանի Եւ Ղարիպի Հետ

Նախագահ Աուն Տեղահանուածներու Թղթածրարը Քննարկեց Արսլանի Եւ Ղարիպի Հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման վերաբերող շարք մը հարցեր: Այս առումով, երեսփոխան Արսլան յոյս յայտնեց, որ տեղահանուածներու թղթածրարին կարելի ըլլայ արմատական լուծում մը ապահովել` առանց զայն լիբանանեան քաղաքական քմահաճոյքին ենթակայ դարձնելու, որովհետեւ այդ թղթածրարը բոլոր լիբանանցիներուն...

Եան Քուպիշ Հասաւ Լիբանան, Իսկ Ապահովութեան  Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Կառավարութեան Յանձնառու  Մնալու Շրջանային Տագնապներէն  Ինքզինք Զերծ Կացուցելու Քաղաքականութեան

Եան Քուպիշ Հասաւ Լիբանան, Իսկ Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Կառավարութեան Յանձնառու Մնալու Շրջանային Տագնապներէն Ինքզինք Զերծ Կացուցելու Քաղաքականութեան

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եան Քուպիշ նախանցեալ օր հասաւ Լիբանան` ստանձնելու համար իր պաշտօնը: Քուպիշ երէկ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Քուպիշ նախագահ Աունին փոխանցեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի շնորհաւորութիւնները` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով: Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց Լիբանանի ազգային...

Ռոպեր Ղանեմի Մարմինը  Յանձնուեցաւ Հողին

Ռոպեր Ղանեմի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախկին երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի յուղարկաւորութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Էլիաս Պու Սաապ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մարուան Համատէ եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, հանրապետութեան նախկին նախագահներ Ամին Ժեմայէլ եւ զօր. Միշել Սլէյման, նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ, խորհրդարանի...

Օլուլա Պաշտօնական Այցելութիւն  Կու Տայ Պէյրութ

Օլուլա Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Պէյրութ

Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական պալատի խորհրդատու Նիզար Օլուլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Օլուլա դիմաւորուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ժամալ Ժարրահի, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի, դեսպան Նաժլա Ասաքերի եւ դիւանագէտ Զիատ Ռիաշիի կողմէ: Օդակայանին մէջ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Օլուլա շեշտեց, որ իր այցելութեան նպատակն է շնորհաւորել...

Պու Սաապ Ֆուշէի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Պու Սաապ Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն` ընկերակցութեամբ ֆրանսական դեսպանատան զինուորական կցորդ Քրիսթիան Շապալի: Հանդիպումին ընթացքին Ֆուշէ շնորհաւորեց Պու Սաապը իր ստանձնած նախարարական պաշտօնին համար եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի ու շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Ֆրանսայի կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի...

Սիւննի Խորհրդակցական Հանդիպումը   Կոչ Կ՛ուղղէ Նոր Էջ Մը Բանալու Եւ Փտածութեան Դէմ  Պայքարի Ու Բարգաւաճման Արշաւ Մը Սկսելու

Սիւննի Խորհրդակցական Հանդիպումը Կոչ Կ՛ուղղէ Նոր Էջ Մը Բանալու Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքարի Ու Բարգաւաճման Արշաւ Մը Սկսելու

Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը նախանցեալ օր գումարեց նիստ մը` իր անդամներէն երեսփոխան Ատնան Թրապուլսիի բնակարանին մէջ: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը կոչ կ՛ուղղէ նոր էջ մը բանալու եւ անոր ընդմէջէն բարգաւաճման ծրագիրներ իրականացնելու իմաստով քայլերու դիմելու,  փտածութեան դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային տագնապներէն դուրս գալու մասին մտածելու: Հանդիպումը ընդգծեց նաեւ, թէ ճիշդ...

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Կը Զօրակցի Արդիւնաբերական  Տնտեսութեան, Իսկ Նախարար Կիտանեան  Դաշնակցութեան Նախարարն Է Եւ Հաշուետու Է Դաշնակցութեան»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Կը Զօրակցի Արդիւնաբերական Տնտեսութեան, Իսկ Նախարար Կիտանեան Դաշնակցութեան Նախարարն Է Եւ Հաշուետու Է Դաշնակցութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան ընդհանուր իրավիճակին` ընկերային եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան ու անկէ եղած ակնկալութիւններուն: Պատասխանելով ինքզինք հրկիզած լիբանանցի Ժորժ Զրէյքի մահուան` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ան անարդարութեան նահատակն է, նահատակ մը, որ կը դրսեւորէ համեստ դասակարգին ապրած տառապանքը` ի տես Լիբանանի...

«Իրան Մնայուն Կերպով Կը Զօրակցի  Լիբանանին Եւ Պատրաստ Է Բոլոր Մարզերուն  Պարագային Օժանդակելու Անոր»  Շեշտեց Զարիֆ

«Իրան Մնայուն Կերպով Կը Զօրակցի Լիբանանին Եւ Պատրաստ Է Բոլոր Մարզերուն Պարագային Օժանդակելու Անոր» Շեշտեց Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ, որ նախանցեալ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Լիբանան, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն, լիբանանցի իր պաշտօնակիցին եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Իրանի դեսպանատան կազմակերպած ընդունելութեան` նուիրուած Իրանի յեղափոխութեան 40-ամեակին: Լիբանան իր հասած վայրկեանէն իսկ Զարիֆ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Լիբանան...

Պէյրութի Մէջ.  Մար Մարունի Տօնին Առիթով  Մատուցուեցաւ  Ս. Պատարագ` Ներկայութեամբ  Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Պէյրութի Մէջ. Մար Մարունի Տօնին Առիթով Մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ` Ներկայութեամբ Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Մար Մարունի տօնին առիթով շաբաթ, 9 փետրուարին Ժմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին: Սուրբ պատարագին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ` պատրիարքական փոխանորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս, ինչպէս նաեւ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, նախկին...

Page 580 of 988 1 … 579 580 581 … 988

Արխիւներ