Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լասըն Եւ Եւրոպական Երկիրներու Դեսպանները Ընդգծեցին «Սետր»-ի Բարեկարգումները Գործադրելու Կարեւորութիւնը

February 8, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ եւրոպական երկիրներու դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի:

Հանդիպումէն ետք Եւրոպական Միութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լասըն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը վարչապետ Հարիրին շնորհաւորած են` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով: Անոնք նկատել տուած են, որ նոր կառավարութեան դիմագրաւած կարեւորագոյն մարտահրաւէրները պետական հաստատութիւններու աշխատանքին ամրապնդումն է եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին միայն լիբանանեան գերիշխանութեան պարտադրումը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լասըն եւ եւրոպական երկիրներու դեսպանները ընդգծեցին «Սետր»-ի խորհրդաժողովի բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Եւրոպական Միութիւնը նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին` տեղահանուածներու տագնապի լուծման գծով:

Եւրոպական Միութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով միջազգային բանաձեւերը գործադրելու կարեւորութիւնը: Եւրոպական Միութիւնը խոստացաւ նաեւ շարունակել լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կատարուած օժանդակութիւնը, որովհետեւ ըստ Թաէֆի համաձայնագիրին եւ ինչպէս Հռոմի խորհրդաժողովին ընթացքին հաստատուած է, լիբանանեան բանակը պէտք է ըլլայ Լիբանանի մէջ միակ զինուած ուժը:

Հանդիպումին ներկայ դեսպանները նորակազմ կառավարութիւնը քաջալերեցին նաեւ ազգային երկխօսութիւն կազմակերպելու Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան շուրջ:

Եւրոպական Միութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրակցելու վարչապետ Հարիրիին, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ աշխուժ գործունէութիւն ունենալու, բարեկարգումներ իրագործելու եւ երկիրը շրջանի տագնապներէն հեռու պահելու:

Վարչապետ Հարիրի երեկոյեան ընդունեց կրթութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ տարակարծութիւնը չի քանդեր մտերմութիւնը` աւելցնելով, որ Հարիրիի հետ յարաբերութիւնը ներկայիս նոյնքան եւ աւելի մտերիմ է:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց ՄԱԿ-ին Իր Դերը Կատարելու` Մեծ Պետութիւններու Ազդեցութենէն Հեռու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.