Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ վաղը` կիրակի, 10 փետրուարին, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը հասնի Պէյրութ:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ երկուշաբթի, 11 փետրուարին պիտի այցելէ Պէյրութ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց փտածներուն դէմ ժողովրդային յեղափոխութիւն մը կատարելու:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալպեր Սարհան շեշտեց դատական իշխանութեան աշխատանքի թափը արագացնելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ արդարութեան ուշացումը համազօր է անարդարութեան:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Ֆատի Ժրայսաթի երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանոն, որ զօրակցութիւն յայտնեց Ժրայսաթիին` մաղթելով, որ կենսոլորտի նախարարութիւնը տեսակարար ոստում մը արձանագրէ եւ վերածուի ուժային նախարարութեան:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Մոհամետ Տաուտ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` իր հանդէպ ունեցած վստահութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հաւատացած են իր կարողութեան եւ զօրակցութիւն յայտնած իրեն: Ան ընդգծեց, որ ինք նախարարութեան աշխատանքը պիտի սկսի «Աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու» կարգախօսով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա մաղթեց, որ Հըզպալլա կառչած մնայ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան:

ՍԻՒՆՆԻ խորհրդակցական հանդիպումի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան շնորհուելիք վստահութեան քուէն պակասաւոր կը մնայ, եթէ ան ժողովուրդին վստահութեան չարժանանայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը շեշտեց, որ իրենց համար պատիւ չի նկատուիր տեղահանուածներու նախարարութիւնը ստանձնել նախկին նախարար Մույին Մերեհպիէն, որ բնակեցումի եւ Լիբանանի ու տեղահանուածներուն դէմ դաւադրութիւններ գործող նախարար մը եղած է:

ԱՊՐԱՅԻ դէպքերուն ընթացքին ձերբակալեալներու ընտանիքները երէկ կատարեցին բողոքի ցոյց մը` փակելով Սայտայի Տար Ֆաթուա առաջնորդող ճամբան: Անոնք պահանջեցին իրենց զաւակներուն համաներում շնորհել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ Հըզպալլա ճիգ պիտի չխնայէ նորակազմ կառավարութեան աշխատանքը յաջողեցնելու նպատակով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ ինք լաւատես չէ նուաճումներ գործելու եւ արդիւնաբեր ըլլալու նորակազմ կառավարութեան կարողութեամբ` աւելցնելով, որ անոր աշխատանքը նախորդ կառավարութեան նման պիտի ըլլայ:

ԿԱԹՈՂԻԿԷ տեղեկատուական կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն հայր Ապտօ Ապու Քասմ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Ֆրանչիսկոս պապը հրաւիրած է Լիբանան այցելութեան, սակայն այդ այցելութիւնը ժամանակի կը կարօտի: Ան նշեց, որ պապին կողմէ նոյն երկիրը կատարուելիք այցելութիւնները ընդհանրապէս 15 տարուան տարբերութեամբ կ՛ըլլան: Ապու Քասմ աւելցուց, որ Յովհաննէս Պօղոս պապը 1997-ին այցելեց Պէյրութ, իսկ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը` 2012-ին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, եւրոպական երկիրները մտահոգ են Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող դէպքերու արագ ընթացքէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դէմ ծառացող հսկայ մարտահրաւէրներէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հաղորդակցութեան նախկին նախարար Ժամալ Ժարրահ ապօրինի կերպով երկարաձգած է բջիջային հեռաձայնի երկու ընկերութիւններուն աշխատանքային պայմանագիրը, ինչ որ նախարարաց խորհուրդի իրաւասութիւններուն դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի:

 

 

Նախորդը

«Կը Յորդորեմ Չվստահիլ Եւրոպացիներուն, Որովհետեւ Անոնք Ամերիկացիներուն Նման Են» Կ՛ըսէ Խամենէի

Յաջորդը

Արսլան. «Տեղահանուածներու Թղթածրարը Պէտք Չէ Քաղաքականացնել»

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?