Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պթէյշ Կոչ Ուղղեց Թուրքիոյ Երեք Ամսուան Համար Վերացնելու Լիբանանէն Ջարդօն Ներածելու Արգելքը

Փետրուար 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ եւ արտաքին առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ, որոնք երկու օր առաջ ուղղուած էին Թուրքիա, Պոլսոյ մէջ ընդարձակ հանդիպում մը ունեցան Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութեան հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:

Պթէյշ ընդգծեց Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւնները եւ լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ շահերուն ծառայող Լիբանան-Թուրքիա երկկողմանի առեւտրական գործակցութիւնը:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի ջանայ Թուրքիոյ հետ առեւտուրը ամրապնդելու այն աստիճան, որ անիկա երկու երկիրներուն համար շահաբեր ըլլայ:

Պթէյշ յայտնեց, որ Լիբանանէն արտածուող երկաթի բոլոր տեսակները առողջապահութեան վնաս չեն տար` աւելցնելով, որ արտածուող իրերուն այս յատկութեան կը հսկեն Լիբանանի մաքսատան վարչութիւնները:

Պթէյշ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեկճանը հրաւիրեց Լիբանան պաշտօնական այցելութեան, որուն նպատակը պիտի ըլլայ հետեւիլ Լիբանանէն Թուրքիա արտածուող ջարդօններու պատրաստութեան, որուն ընթացքին կը յարգուին միջազգային բոլոր չափանիշները:

Այս շրջագիծին մէջ Պթէյշ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ երեք ամսուան համար վերացնելու

Լիբանանէն ջարդօն ներածելու արգելքը, մինչ թուրք փորձագէտներ կը հասնին Լիբանան` ջարդօնի արտածման մասին իրենց տեղեկագիրը պատրաստելու:

Ան խոստացաւ նաեւ կառավարութեան կողմէ որդեգրել որոշում մը, որուն հիման վրայ Թուրքիայէն Լիբանան ներածուող որոշ արտադրութիւններու արգիլումը բեկանուի:

 

 

Նախորդը

Արսլան. «Տեղահանուածներու Թղթածրարը Պէտք Չէ Քաղաքականացնել»

Յաջորդը

Ժորժ Ֆարիտ Զրէյք Ինքզինք Հրկիզելով Մահացաւ

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?