Նախարար Գույումճեան. «Յարգանքով Կը Խոնարհիմ Նախահայրերուս Զոհողութիւններուն Առջեւ»
Ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան շաբաթավերջին այցելեց Ժիպէյլ` ընդառաջելով Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթի հրաւէրին: Ժիպէյլի մէջ Գույումճեան հանդիպումներ ունեցաւ նահանգապետ Նաթալի Մըրհի- Խուրիի, Ժիպէյլի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Մարթինոսի, Ժիպէյլի քաղաքապետ Ուիսամ Զաարուրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Ժիպէյլի պատասխանատու Ապտօ Ապի Խալիլի հետ: Ժիպէյլ կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ Գույումճեան այցելեց նաեւ «Թռչնոց բոյն», ուր դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի...

















