Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա շեշտեց, որ վաղը` կիրակի, 24 մարտ 2019-ին, Տէյր Քամարի Սայիտաթ Թալլէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագը շրջանի քաղաքական բոլոր ուժերուն համար է եւ քաղաքական նեղ հաշիւներ չի հետապնդեր:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հերքեց քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններու այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի սնանկացում:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ թղթածրարի Հըզպալլայի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Նաուար Սահիլի հաստատեց, որ տունդարձ կատարած սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը ողջունելի է:

ՄԻՋԻՆ Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Բրիտանիոյ կառավարութեան բանբեր Էլիսըն Քինկ շեշտեց, որ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ զետեղելու քայլը Լիբանանի հետ Մեծն Բրիտանիոյ յարաբերութիւններուն վրայ իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի չունենայ:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ նախագահ Ռուվին Ռիվլին շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի չի կրնար յայտարարել, թէ Հըզպալլա Լիբանանէն անջատ կը գործէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ռիվլին նշեց, որ եթէ Լիբանանի տարածքներէն Իսրայէլի դէմ զարգացում մը արձանագրուի, ապա Իսրայէլ Լիբանանը պատասխանատու պիտի նկատէ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ պահանջուածը այն է, որ լիբանանցին հաւատայ, համոզուի եւ իւրացնէ այն մշակոյթը, թէ փտածութիւնը միշտ մերժելի է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի յայտնեց, որ Լիբանանի ամառը խոստմնալից է` նկատի ունենալով սէուտցի քաղաքացիներու այն հսկայական թիւը, որ պիտի ուղղուի Պէյրութ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Սինիորա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնները վտանգաւոր որակեց եւ կոչ ուղղեց արաբական աշխարհին` ընդարձակ միասնականութիւն գոյացնելու անոնց դիմաց:

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, անցեալ հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին նախօրեակին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հանդիպում մը ունեցած են եւ ճշդած նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին իրենց կեցուածքները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտնած է, թէ ամերիկեան ճնշումներուն պատճառով, ինք Միջազգային դրամատան կառավարիչ ըլլալու գծով Զիատ Հայեքի թեկնածութիւնը յետս կոչած է` ի նպաստ ամերիկացի թեկնածուին:

 

Նախորդը

«Պրեքզիթ»-ի Պայմանաւորեալ Յետաձգում

Յաջորդը

«2019-էն Սկսեալ Զբօսաշրջութեան Մարզը Կրնայ Երկրին Մուտքին 20 Առ Հարիւրը Ապահովել» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.