Լիբանանեան

Տնտեսական – Ընկերային Խորհուրդ.   Յարատեւ Բարգաւաճման Նպատակով Գիտութեան,  Արհեստագիտութեան Եւ Նորարարութեան  Ազգային Ռազմավարական Ծրագիրին  Գործադրութիւնը Կը Շարունակուի

Տնտեսական – Ընկերային Խորհուրդ. Յարատեւ Բարգաւաճման Նպատակով Գիտութեան, Արհեստագիտութեան Եւ Նորարարութեան Ազգային Ռազմավարական Ծրագիրին Գործադրութիւնը Կը Շարունակուի

Հինգշաբթի, 28 մարտին, Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի կեդրոնին մէջ սկիզբ առած Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբի պատրաստած ծրագիրին` համալսարաններու հետ կապուած աշխատանքային երկրորդ փուլը կը շարունակուի: Ծրագիրը, որ կը կոչուի «Յարատեւ բարգաւաճման նպատակով գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան ազգային ռազամավարական ծրագիր», կը բաղկանայ երեք փուլերէ: Ծրագիրին մասնագիտական բնոյթ տալու նպատակով, յանձնախումբը միջազգային փորձագէտի մը հետ գործակցաբար, հարցարան մը յանձնած էր համալսարաններուն, որոնց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց տեղեկատուութեան հարցերու նախարար Ժամալ Ժարրահը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժարրահ յայտնեց, որ հարցերը դրական եւ առարկայական կերպով կը լուծուին` յոյս յայտնելով, որ ելեկտրականութեան տագնապին վերաբերող թղթածրարը անմիջապէս կը լուծուի: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի որոշումով, Շուէյֆաթի մէջ գործող սպանդանոց մը փակուեցաւ, իսկ 18 ուրիշներ նախարարութեան կողմէ զգուշացում ստացան` իրենց...

Նախագահ Աուն Պալհաժի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Յատուկ Տնտեսական  Բարգաւաճման Ծրագիրներ

Նախագահ Աուն Պալհաժի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Յատուկ Տնտեսական Բարգաւաճման Ծրագիրներ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժը, Միջազգային դրամատան շրջանային բաժինի տնօրէն Սարուժ Քումարը եւ փոխնախագահի օգնական Ռիշար Ապտել Նուրը: Ներկայ գտնուեցան նաեւ ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն, հանրապետութեան նախագահի խորհրդատու Միրէյ Աուն-Հաշեմ եւ նախագահական պալատի...

Պըրրի. «Երկրին Տագնապը Լուծելու Համար  Կառավարութիւնը Արագ  Մայրուղիով Պէտք Է Ընթանայ»

Պըրրի. «Երկրին Տագնապը Լուծելու Համար Կառավարութիւնը Արագ Մայրուղիով Պէտք Է Ընթանայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյրը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Պըրրիի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց շրջանին վերաբերող Միջազգային դրամատան ծրագիրները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները: Միւս...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան.  «Կը Պահանջենք Օրէնքի Գործադրութիւնը»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Պետական Ամավարկը Անյապաղ Պէտք Է Ուղարկել Խորհրդարան Եւ Վաւերացնել Զայն»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստին ընթացքին պլոքը անհրաժեշտ նկատեց, որ պետական ամավարկը անյապաղ ուղարկուի խորհրդարան, ուր քննարկումի ենթարկուի եւ վաւերացուի: Պլոքի նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կարդաց երեսփոխան Անուար Նաժըմ, որ յայտնեց, թէ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի ցուցաբերած ատելութիւնն ու թշնամական կեցուածքը` ընդգծելով սակայն, որ...

Mike_Pompeo_28

Մայք Փոմփէօ. «Պիտի Ջանանք Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Ապահովել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն ներկայացուց Լիբանան կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապին պատճառով Լիբանան հաստատուած աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածները լիբանանեան պետութեան համար բեռ են եւ վտանգ կը սպառնան անոր ժողովրդավարութեան: Ան շեշտեց, որ լիբանանցի ժողովուրդին փափաքն է, որ սուրիացի տեղահանուածները Սուրիա վերադառնան` աւելցնելով, որ ինք...

Լասըն Եւ Ռամպլինկ Այցելեցին Արսալ

Լասըն Եւ Ռամպլինկ Այցելեցին Արսալ

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն եւ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկ երէկ այցելեցին Պեքաա` ստուգելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն գաղթակայանները եւ Եւրոպական Միութեան ու Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ անոնց եւ հիւրընկալող ընկերութիւններուն մատուցուած օժանդակութիւնները: Նշենք, որ Լասըն այցելեց նաեւ Արսալ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Եւրոպական Միութեան մատուցած օժանդակութիւնները` Արսալին: Հանդիպումէն ետք Լասըն...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ: Ան շաբաթասկիզբին կը սկսի իր աշխատանքային առօրեային: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ Կոլանը սիոնական գոյացութեան բռնակցելու ամերիկեան որոշումը արաբ ժողովուրդին դէմ գործուած բռնարարք է: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Ֆիատիէի «Շուքրի Ղանեմ» զինուորական կեդրոն, ուր հաստատեց, որ լիբանանցիները ապահով կ՛ապրին եւ անվտանգ կը մնան բանակին...

Պըրրի. «Նախագահ Աունի Հետ Ընդգծեցինք  Պետական Ամավարկը Մշակելու Առաջնահերթութիւնը»

Պըրրի. «Նախագահ Աունի Հետ Ընդգծեցինք Պետական Ամավարկը Մշակելու Առաջնահերթութիւնը»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք ընդգծած են պետական ամավարկը մշակելու առաջնահերթութիւնը: Պըրրի նշեց, որ շատ աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ պետական ամավարկը պատրաստուած ըլլար նախքան կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ օրին երկիրը կը գտնուէր ոսկեայ առիթի մը...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կոչ Ուղղեց Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին` Կոլանի Մասին Թրամփի Որոշումին Դէմ Յստակ Կեցուածք Ճշդելու

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Ազարի, Իպրահիմ Մուսաուիի, Սամի Ֆաթֆաթի, Ալի Պեզզիի, Ֆարիտ Պուսթանիի, Միշել Մուսայի, Հանրի Շտիտի եւ Նաամաթ Աֆրամի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը: Նիստին ընթացքին յանձնախումբը քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները, որոնց կարգին նաեւ Կոլանը իբրեւ իսրայէլեան գերիշխանութեան մաս ճանչցող Միացեալ...

Պասիլ Պաշտօնական  Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Չեխիա

Պասիլ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Չեխիա

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Չեխիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Չեխիոյ վարչապետ Անտրէ Պապիշի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան արտաքին առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ չեխական պատուիրակութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ եւ անկեղծ, ինչպէս նաեւ...

Ժահժահ. «Ռուսիոյ Նկատմամբ Միակ Յոյսը  Կը Մնայ Ասատին Վրայ Անոր Բանեցնելիք Ճնշումը`  Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով»

Ժահժահ. «Ռուսիոյ Նկատմամբ Միակ Յոյսը Կը Մնայ Ասատին Վրայ Անոր Բանեցնելիք Ճնշումը` Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Ռուսիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան մանրամասնութիւնները բացայայտէ: Ան աւելցուց, որ Ռուսիոյ նկատմամբ միակ յոյս կը մնայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին վրայ անոր բանեցնելիք ճնշումը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով: Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանան կարգ մը պատճառներով չի կրնար հանդուրժել սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը երէկուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Երուսաղէմը պաղեստինեան ինքնութիւն ունի, Կոլանն ալ` սուրիական, իսկ անոնց մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնը անճիշդ է եւ մերժելի` ամբողջ աշխարհին կողմէ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Մոսկուա, ուր ան պիտի մասնակցի իսլամական կրօնին ու խաղաղութեան վերաբերող...

Նախագահ Աուն Ռուսիա Կատարած  Իր Երկօրեայ Պաշտօնական Այցելութիւնը  Աւարտեց Նախագահ Փութինի Հետ Հանդիպումով

Նախագահ Աուն Ռուսիա Կատարած Իր Երկօրեայ Պաշտօնական Այցելութիւնը Աւարտեց Նախագահ Փութինի Հետ Հանդիպումով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ աւարտեց Ռուսիա կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը եւ երեկոյեան վերադարձաւ Լիբանան: Նախագահ Աուն Մոսկուա իր այցելութիւնը եզրափակեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումով, որ տեղի ունեցաւ Քրեմլինի մէջ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահներ Աուն եւ Փութին հաստատեցին, որ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ քաղաքական քննարկումները պէտք է աւելի յաճախակի դարձնել, ներառեալ խորհրդարանական մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ...

Սէյիտ Նասրալլա. «Երուսաղէմի Մասին Թրամփի  Որոշումին Նկատմամբ Աշխարհին Ցուցաբերած  Լուռ Կեցուածքը Զայն Մղեց Յանդգնելու  Եւ Կոլանի Մասին Նոր Որոշում Մը Տալու»

Սէյիտ Նասրալլա. «Երուսաղէմի Մասին Թրամփի Որոշումին Նկատմամբ Աշխարհին Ցուցաբերած Լուռ Կեցուածքը Զայն Մղեց Յանդգնելու Եւ Կոլանի Մասին Նոր Որոշում Մը Տալու»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն արտասանեց ճառ մը, որ կը կրէր «Լիբանան պիտի մնայ գերիշխան, դիմադրող եւ յաղթական» խորագիրը: Ան նշեց, որ իր ճառը պիտի կեդրոնանար միայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի Լիբանան այցելութեան վրայ, «սակայն նկատի ունենալով վերջին 48 ժամուան ընթացքին արձանագրուած շրջանային զարգացումները, ապա անկարելի է անոնց չանդրադառնալ»,...

Վարչապետ Հարիրի Փարիզի Մէջ  Ենթարկուեցաւ Վիրահատութեան

Վարչապետ Հարիրի Փարիզի Մէջ Ենթարկուեցաւ Վիրահատութեան

Վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ օր Փարիզի մէջ ենթարկուեցաւ սրտի խցանուած երակներու քննութեան եւ զսպանակի տեղադրումի վիրահատութեան: Հարիրիի անձնական բժիշկը` Իսամ Եասին շեշտեց, որ վարչապետին վիրահատութիւնը յաջող է եւ անոր առողջական վիճակը լաւ է: Այս առիթով Հարիրի ստացաւ մեծ թիւով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզէն,...

Գահիրէի Մէջ.  Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ  Զբօսաշրջութեան  Նուիրուած Խորհրդաժողովին

Գահիրէի Մէջ. Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ Զբօսաշրջութեան Նուիրուած Խորհրդաժողովին

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Գահիրէի մէջ մասնակցեցաւ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի խորհուրդի 45-րդ խորհրդաժողովին` ներկայութեամբ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Զորապ Պոլիքաշվիլիի, կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Մահիրիի, Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան նախարար Ռանիա Մշաթի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով արաբ զբօսաշրջութեան նախարարներու եւ զբօսաշրջական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու: Խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուեցան Պոլիքաշվիլիի եւ Մահիրիի տեղեկագիրները` աշխարհին եւ շրջանին մէջ զբօսաշրջութեան մասին: Կատարուեցան...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ  Ապահովութեան Խորհուրդին  Համապատասխան Որոշումներ Տալու

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Կոլանը Սուրիական Հող Է, Եւ Ոչ Մէկ Որոշում Կրնայ Այդ Իրականութիւնը Փոփոխութեան Ենթարկել»

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կատարած յայտարարութիւնը, թէ Կոլանի բարձունքները պէտք է իսրայէլեան գերիշխանութեան ենթակայ նկատել, դատապարտելի է, միջազգային օրէնքի խախտում կը նկատուի, ինչպէս նաեւ կը սահմանափակէ արդար խաղաղութեան յանգելու որեւէ ջանք: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Կոլանը սուրիական հող է, եւ ոչ մէկ որոշում կրնայ այդ իրականութիւնը փոփոխութեան ենթարկել: «Եթէ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի կառավարութեան հարցապնդումի խորհրդարանական այսօրուան նիստը յետաձգեց ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին: Նշենք, որ Պըրրի երէկ ընդունեց Միջին Արեւելքի հարցերով Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի խորհրդատու զօր. Ճոն Լորիմըրկը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Բրիտանիոյ կողմէ Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու կարեւորութիւնը: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դատապարտեց ամերիկեան...

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Աւետման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երեքշաբթի, 26 մարտ 2019-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 27  մարտ 2019-ին:

Page 570 of 988 1 … 569 570 571 … 988

Արխիւներ