ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` երեքշաբթի, 26 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն պիտի արտասանէ ճառ մը` Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ իրենց իրաւունքներուն համար:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամալ Ժարրահ ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը ծրագրուած է եւ անիկա աշխատանքային պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ բանաւոր:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր անհրաժեշտ նկատեց բարեկարգումներու գործադրութիւնը, որոնց շարքին նախ եւ առաջ` ելեկտրականութեան տագնապի լուծումը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ ամերիկացին ո՛ւր որ ալ ըլլայ եւ ձեռքը ինչի՛ որ ալ երկարէ, այդ ձեռքը պիտի կտրուի, որովհետեւ ան դաշնակիցներ չունի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածները ամէն գնով Սուրիա վերադարձնել կամ առիթ տալ անոնց` երթալու այլ երկիրներ, որոնք ի վիճակի են զանոնք հիւրընկալելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի կեցուածքները կը հաստատեն Ուաշինկթընի մնայուն կողմնակցութիւնը` յօգուտ Իսրայէլի, Լիբանանի շահերուն հաշուոյն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի յոյս յայտնեց, որ Աքքար իր բաժինը ստանայ` յառաջիկայ վարչական նշանակումներուն պարագային:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ինայա Իզզէտտին շեշտեց, որ Ամալ շարժումը փտածութեան դէմ պայքարին մէջ յառաջատար դիրք կը գրաւէ: Ան հաստատեց, որ Լիբանան կառչած պիտի մնայ իր ծովային ու նաւթային իրաւունքներուն եւ պիտի ձախողեցնէ անոնց սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ շեշտեց, որ փտածութեան հովանաւորներ չկան` հաստատելով, որ բոլոր փտածները պէտք է թափանցիկութեամբ հաշուետուութեան ենթարկուին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն ողջունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի կեցուածքները` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հասցէին:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ մաղթեց, որ առողջապահութեան մարզին վերաբերող ծրագիրը, ինչպէս նաեւ հանրային փոխադրութեան, ելեկտրականութեան, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերուն վերաբերող ծրագիրները մօտիկ ապագային գործադրուին:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ, երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ «Արաբական գարնան» յայտարարութենէն ի վեր ամերիկեան քաղաքականութիւնը վերածուած է մղձաւանջի մը, որուն հետեւանքները կը կրէ արաբ ժողովուրդը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ ամերիկեան թշնամական կեցուածքները կը սպառնան Լիբանանի ու շրջանի ապահովական կայունութեան:


