Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Կիր Փետերսոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ պատերազմին ունեցած հետեւանքներն ու սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ տեղահանուածներու տունդարձը թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ հասարակաց շահերը կ՛ապահովէ:
«Ասոր փաստը այն է, որ տունդարձ կատարած տեղահանուածները իրենց երկրին մէջ արժանացան լաւագոյն վարուելակերպին, այլ խօսքով` իր հարազատ քաղաքացին հիւրընկալող երկրին ցուցաբերած վարուելակերպին», ըսաւ Պըրրի:
Ան հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու Սուրիա վերադարձը ապահովելու իմաստով ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել:
Նշենք, որ Փետերսոն այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:



