Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն, որուն ընկերակցեցան նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ:
Հանդիպումին ընթացքին Փոմփէօ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին ամերիկեան զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը պիտի շարունակուին` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական գործընկերն է` ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին առումով:
Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան կողմին` լիբանանեան բանակին նկատմամբ անոր վստահութեան համար, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած ամերիկեան զօրակցութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու համար:
Նշենք, որ նախքան իր մեկնումը, Փոմփէօ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ:
Միւս կողմէ, «Սքայ նիուզ»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Փոմփէօ շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է իմանան, թէ իրենք ստիպուած չեն Հըզպալլայի, անոր ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Իրանի հրահանգներուն ենթարկուիլ:
Փոմփէօ նշեց, որ Լիբանան սպառնալիքի տակ կը գտնուի, որովհետեւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանի կը փափաքին Լիբանանի վրայ իրենց հակակշիռը բանեցնելով Միջերկրական ծով հասնիլ:
«Այս իմաստով Միացեալ Նահանգներ եւ ամբողջ աշխարհը պատրաստ են օժանդակելու Լիբանանին», հաստատեց ան:



