Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէյր Քամարի Մէջ. Զղջումի Եւ Ներողամտութեան Ս. Պատարագ` Հովանաւորութեամբ Նախագահ Աունի

March 25, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրին մէջ քաղաքական լարուածութիւնը մեղմացնելու, կացութիւնը հանդարտեցնելու եւ դրական մթնոլորտ սփռելու նպատակով, շաբաթ օր Շուֆի Տէյր Քամար շրջանին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ մը, որ նուիրուած էր զղջումի եւ ներողամտութեան:

Ս. պատարագը մատուցուեցաւ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ օրհնութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Ս. պատարագին նախագահ Աունը ներկայացուց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հանրի Հըլուի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Հաժժարի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, նախարարներ Ղասսան Աթալլայի, Աքրամ Շեհայէպի, Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Էլիաս Պու Սաապի, Նատա Պուսթանիի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններու եւ դիւանագէտներու:

Այս առիթով Պասիլ նշեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքական վերադարձը կատարուած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին` աւելցնելով, որ ներկայիս կը պահանջուի տնտեսական եւ բարգաւաճման վերադարձը եւս ապահովել:

Ան հաստատեց, որ հաշտութիւնը պէտք չէ ցնցուի, եթէ քաղաքական տարակարծութիւններ արձանագրուին` աւելցնելով, որ Լեռնալիբանանի միասնականութիւնը Լիբանանի միասնականութեան հիմքն է:

Իր կարգին, Ժոմպլաթ շեշտեց, որ հաշտութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, ուժեղ եւ վեհ, որովհետեւ անիկա կը ծառայէ մէկ ու միացեալ Լիբանանի եւ աւելի փայլուն ապագայի կերտման:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ուղղուեցաւ Աքքար-Տըննիէ շրջան, ուր շեշտեց, թէ լիբանանեան իւրաքանչիւր գիւղաքաղաք կենսոլորտի, աւանդներու եւ հնութիւններու գանձ մըն է, որ խնամքի կը կարօտի:

Ան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան կարողութիւնները հետզհետէ կը բարելաւուին` նկատի ունենալով բարգաւաճման ծրագիրներն ու ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ մսխումի կասեցումը:

Մընիէ-Տըննիէի մէջ Պասիլ բացումը կատարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան գրասենեակին:

Այս առիթով ան ըսաւ, թէ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել երկրին տնտեսութիւնը զարգացնելու եւ նիւթական պարտաւորութիւնները սեղմելու համար:

Պասիլ այցելեց նաեւ Մարքապթա, Սաֆիրա եւ Քֆարշըլան գիւղաքաղաքները, ուր ընդարձակ հանդիպումներ ունեցաւ շրջաններու հեղինակութիւններուն հետ:

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Ընդունեց Փոմփէոն

Յաջորդը

Նախարար Գույումճեան. «Յարգանքով Կը Խոնարհիմ Նախահայրերուս Զոհողութիւններուն Առջեւ»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.