Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 27, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի կառավարութեան հարցապնդումի խորհրդարանական այսօրուան նիստը յետաձգեց ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին: Նշենք, որ Պըրրի երէկ ընդունեց Միջին Արեւելքի հարցերով Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի խորհրդատու զօր. Ճոն Լորիմըրկը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Բրիտանիոյ կողմէ Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու կարեւորութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դատապարտեց ամերիկեան այն որոշումը, որուն հիման վրայ Կոլանը կը նկատուի իսրայէլեան տարածք: Միւֆթի Տըրիան մերժեց Կոլանը ընդունիլ իբրեւ իսրայէլեան գերիշխանութեան մաս կազմող հող, ինչպէս նաեւ խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները` զգուշացնելով այն իրականութենէն, որ ոչ ոք կրնայ Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի բարձունքներուն լիբանանեան պատկանելիութիւնը փոխել եւ իրաւունքին տիրանալ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ օր ընդունեց Համասի ղեկավարութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Համասի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Սալեհ Արուրիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պաղեստինի եւ շրջանի վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Կոլանը իսրայէլեան հող նկատելու նոր որոշումը արաբական իրաւունքներուն եւ գերիշխանութեան դէմ գործուած նոր ոտնձգութիւն է:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ Կոլանի մասին ամերիկեան որոշումը մերժելի նկատեց: Ան հաստատեց, որ այդ որոշումը մերժելու կեցուածքը կը նպաստէ Լիբանանի շահերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան խստիւ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կոլանին վերաբերող որոշումը: Ան շեշտեց, որ Կոլանը պիտի մնայ արաբական-սուրիական հող, իսկ Երուսաղէմը պիտի մնայ իրենց կողմնացոյցը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, շեշտեց, որ իրենք ելեկտրականութեան տագնապի լուծման թղթածրարին նկատմամբ դրական վերաբերում ունին, որովհետեւ երկրին գերագոյն շահերուն մասին կը մտածեն:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Կոլանը Սուրիական Հող Է, Եւ Ոչ Մէկ Որոշում Կրնայ Այդ Իրականութիւնը Փոփոխութեան Ենթարկել»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.