Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 29, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ: Ան շաբաթասկիզբին կը սկսի իր աշխատանքային առօրեային:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ Կոլանը սիոնական գոյացութեան բռնակցելու ամերիկեան որոշումը արաբ ժողովուրդին դէմ գործուած բռնարարք է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Ֆիատիէի «Շուքրի Ղանեմ» զինուորական կեդրոն, ուր հաստատեց, որ լիբանանցիները ապահով կ՛ապրին եւ անվտանգ կը մնան բանակին ու բանակայիններուն զոհողութիւններուն շնորհիւ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասան յայտնեց, որ բանտերուն եւ բանտարկեալներուն  կացութեան բարելաւումը հիմնական կարիք է` մեկնելով մարդկային իրաւունքներու հարցէն:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալպեր Սարհան երէկ այցելեց Ճիւնիի Արդարութեան պալատը, ուր յոյս յայտնեց նոր Արդարութեան պալատ մը կառուցելու մասին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հանդիպումը երէկ գումարեց իր նիստը` գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Կոլանը իբրեւ Իսրայէլ տարածք ճանչնալը միջազգային օրէնքի խախտում է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Մաալուֆ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ոչ մէկ միտում ունի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ բանավէճ ունենալու` ելեկտրականութեան թղթածրարին գծով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցը եւ Հըզպալլայի զէնքին հարցը կարիքը ունին միջազգային եւ շրջանային հովանիի մը, իսկ անոնց որոշումը պարզապէս Լիբանանին չի վերաբերիր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն կոչ ուղղեց բարելաւելու դատական իշխանութեան ընթացքը եւ առիթ տալու անոր հաշուետուութեան կանչելու ապօրինութեանց պատասխանատուները:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի անդամ Վերա Եամմին հաստատեց, որ Կոլանը սուրիական հող է եւ սուրիական հող պիտի մնայ, իսկ Սուրիոյ իշխանութիւնները պիտի ջանան ազատագրել զայն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ ժամանակն է որդեգրելու պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը, իսկ Հըզպալլա պէտք է յանձնառու մնայ Լիբանանի որդեգրած` շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուտանի դեսպան Ալի Սատեքը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տիրող ներկայ իրադարձութիւնները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 300 լ. ոսկիով, իսկ 98 օքթանը` 400 լ. ոսկիով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին կառչած կը մնան կնոջ կողմէ իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքին զօրակցութեան:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյրի հետ, քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները: Իպրահիմի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու գործավար Ֆիլիփ Լազարինին: Քննարկուեցան ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն եւ Ընդհանուր ապահովութեան միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Հըզպալլա ի վիճակի է դիմադրելու իսրայէլեան որեւէ տեսակի բռնարարքի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովը` նախագահներ զօր. Միշել Աունի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ, յանգած է այնպիսի համաձայնութեան, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին շուրջ եռակողմանի գործակցութիւնը աշխուժանայ:

Նոյն օրաթերթը գրեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի համաձայն գտնուած են «Սետր»-ի բոլոր օրէնքներուն գործադրութեան:

Նախորդը

Քարաքասի Մօտ «Էս-300»-ներ Զետեղուած Են

Յաջորդը

Լասըն Եւ Ռամպլինկ Այցելեցին Արսալ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?