Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Նախագահ Աունի Հետ Ընդգծեցինք Պետական Ամավարկը Մշակելու Առաջնահերթութիւնը»

March 28, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք ընդգծած են պետական ամավարկը մշակելու առաջնահերթութիւնը:

Պըրրի նշեց, որ շատ աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ պետական ամավարկը պատրաստուած ըլլար նախքան կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ օրին երկիրը կը գտնուէր ոսկեայ առիթի մը դիմաց:

Պըրրի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վաւերացնէ պետական ամավարկը եւ զայն փոխանցէ խորհրդարան, որպէսզի ան իր կարգին սերտէ զայն ու վաւերացնէ իր լիագումար նիստին ընթացքին:

Պըրրի յայտնեց, որ եթէ պետական ամավարկը չկարենայ երկրին նիւթական բացը աւելի քան մէկ առ հարիւրով նուազեցնել, ապա Լիբանան լաւ վիճակի մէջ պիտի չըլլայ:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխանները յայտնեցին, որ ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ին տեղի ունենալիք կառավարութեան հարցապնդումի նիստը շատ հաւանաբար յետաձգուի` վարչապետ Սաատ Հարիրիի առողջական վիճակին պատճառով: Անոնք նկատել տուին նաեւ, որ Պըրրի հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ տնտեսութեան նախարարին, խորհրդարանի տնտեսական յանձնախումբին, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին, ինչպէս նաեւ տնտեսագէտներու հետ, որոնք առարկայական մօտեցում կը ցուցաբերեն երկրին տնտեսական իրավիճակին նկատմամբ:

Անդրադառնալով Կոլանը իսրայէլեան գերիշխանութեան մաս կազմող հող նկատելու ամերիկեան որոշումին` Պըրրի մէջբերեց լիբանանցի տաղանդաւոր գրագէտ Միխայէլ Նաայմէի հետեւեալ խօսքը. «Երբ լերան հարց տուած են, թէ անոր հասակը ուրկէ՞ է, ան պատասխանած է. հովիտէն»: Ան աւելցուց, որ դժբախտաբար արաբները այսօրուան կացութիւնը հասցուցած են այս մակարդակին:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ նախագահեց նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Կոլանի իսրայէլացման մասին Միացեալ Նահանգներու հանրապետութեան նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնը միջազգային օրէնքի շրջանցում է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հողերուն նկատմամբ լուրջ սպառնալիք` բռնագրաւուած Մազարեհ Շեպաայի ու Քֆարշուպայի բարձունքներուն առումով, ինչպէս նաեւ կը նկատուի վտանգ` Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու դէմ:

Պլոքը ընդգծեց Կոլանի սուրիական ըլլալու ճշմարտութիւնը:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը շեշտեց կառավարութեան կողմէ պետական ամավարկը վաւերացնելու եւ զայն խորհրդարան ուղարկելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ Պըրրի անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի Լիբանան կատարած այցելութեան, յայտնեց, որ Փոմփէօ Լիբանանէն կրցաւ առնել միայն այն հաղորդագրութիւնը, որ պատրաստած էր ու իրեն հետ բերած երկիր:

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կոչ Ուղղեց Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին` Կոլանի Մասին Թրամփի Որոշումին Դէմ Յստակ Կեցուածք Ճշդելու

Յաջորդը

Խըրխըզիստան Կը Պահանջէ ՀԱՊԿ-ի Նոր Ընդհանուր Քարտուղարի Շուտափոյթ Նշանակումը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.