Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ. Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ Զբօսաշրջութեան Նուիրուած Խորհրդաժողովին

March 27, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Գահիրէի մէջ մասնակցեցաւ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի խորհուրդի 45-րդ խորհրդաժողովին` ներկայութեամբ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Զորապ Պոլիքաշվիլիի, կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Մահիրիի, Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան նախարար Ռանիա Մշաթի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով արաբ զբօսաշրջութեան նախարարներու եւ զբօսաշրջական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու:

Խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուեցան Պոլիքաշվիլիի եւ Մահիրիի տեղեկագիրները` աշխարհին եւ շրջանին մէջ զբօսաշրջութեան մասին: Կատարուեցան նաեւ շրջանային խորհուրդի անդամներու եւ ենթայանձնախումբերու ընտրութիւնները:

Նշենք, որ Լիբանան Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի խորհուրդի փոխնախագահն է:

Հանդիպում` Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ

Նախարար Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որ շնորհաւորեց նախարարը` անոր պաշտօնի վերստանձնումին առիթով:

Հանդիպումը եղաւ առիթ մը երկու երկիրներու  զբօսաշրջութեան մարզին վերաբերող համաձայնագիրները վերստուգելու, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները քննարկելու` նկատի ունենալով, որ 2018-ին Լիբանան այցելած մէկ միլիոն 965 հազար զբօսաշրջիկներուն 181 հազարը ֆրանսացիներ էին:

Նախարար Կիտանեան Ֆուշէէն խնդրեց, որ ֆրանսական կառավարութենէն պահանջէ ֆրանսացի զբօսաշրջիկները մղել Լիբանան այցելութեան:

Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ Ֆուշէի հետ համաձայնած է Լիբանանի գեղեցիկ պատկերը դրսեւորել` անոր մշակոյթին, հնութիւններուն եւ պատմութեան ընդմէջէն:

Նախարար Կիտանեան Ֆուշէի հետ քննարկեց նաեւ Մըքքենզիի ծրագիրը, որուն մէջ յստակօրէն նշուած էր, թէ Լիբանանի ազգային տնտեսութիւնը աշխուժացնելու եւ ամրապնդելու հիմնասիւներէն մէկը երկրին զբօսաշրջութեան մարզն է: Հետեւաբար քննարկուեցան նաեւ զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժացնելու միջոցները:

 

 

Նախորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Կոլանը Սուրիական Հող Է, Եւ Ոչ Մէկ Որոշում Կրնայ Այդ Իրականութիւնը Փոփոխութեան Ենթարկել»

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Փարիզի Մէջ Ենթարկուեցաւ Վիրահատութեան

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.