Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 30, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց տեղեկատուութեան հարցերու նախարար Ժամալ Ժարրահը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժարրահ յայտնեց, որ հարցերը դրական եւ առարկայական կերպով կը լուծուին` յոյս յայտնելով, որ ելեկտրականութեան տագնապին վերաբերող թղթածրարը անմիջապէս կը լուծուի:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի որոշումով, Շուէյֆաթի մէջ գործող սպանդանոց մը փակուեցաւ, իսկ 18 ուրիշներ նախարարութեան կողմէ զգուշացում ստացան` իրենց կացութիւնը բարելաւելու իմաստով:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց «Սետր»-ի համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն աշխատանքներ տրամադրելու կարելիութիւնները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են գործակցելու բոլորին հետ, ինչպէս նաեւ ընդունակ են լսելու շինիչ որեւէ քննադատութիւն, որ կը վերաբերի ելեկտրականութեան թղթածրարին: «Ի վերջոյ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը պէտք է վաւերացուի եւ գործադրուի, որովհետեւ լիբանանցիներու շահերուն ապահովումը առաջնահերթութիւն է», հաստատեց ան:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալպեր Սարհան ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ռեպեքա Կրինտլէյը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց պաշտպանելու պետութեան գոյացութիւնն ու պետական հաստատութիւնները: Ան նշեց, որ լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը համայնքային եւ յարանուանական լեզուով կարելի չէ ամրապնդել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ ելեկտրականութեան թղթածրարը նոր է եւ անոր խորագիրն է` ելեկտրականութեան տագնապի լուծման նախկին տարբերակին արդիականացումը` Միջազգային դրամատան հետ համաձայնաբար:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ հաստատեց, որ այսօրուան երթեւեկի խճողումին հարցը կարելի է լուծել միայն հանրային փոխադրութեան դրութիւն մը ստեղծելով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ պետութեան մօտ լուրջի եւ կատակի միջեւ կայ որոշ բաց մը, որ կը կոչուի անպարկեշտութիւն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ կարելի չէ ամերիկեան կողմին վրայ վստահիլ` աւելցնելով, որ Ռուսիան միակն է, որ կրնայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը իրականացնել, որովհետեւ այս մասին ան ծրագիր մշակած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Պիր Ապըտ շրջանին մէջ կատարեց ներխուժումներ` ձերբակալելու համար թմրեցուցիչ գործածողներն ու օդին մէջ կրակողները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ վերջերս համաձայնութիւն գոյացած է ելեկտրականութեան թղթածրարին համաձայնութիւն յայտնելու, որովհետեւ անոնց դիմաց այլընտրանք չէ մնացած:

 

 

Նախորդը

Լաւրով. «Քննարկեցինք Կովկասի, Ուքրանիոյ Եւ Պալքաններու Կացութիւնը»

Յաջորդը

Տնտեսական – Ընկերային Խորհուրդ. Յարատեւ Բարգաւաճման Նպատակով Գիտութեան, Արհեստագիտութեան Եւ Նորարարութեան Ազգային Ռազմավարական Ծրագիրին Գործադրութիւնը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?