Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախապատուութիւնը Հանրայայտ Միջազգային Փառատօներունն Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

April 2, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախանցեալ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը փափաքի զբօսաշրջական փառատօներ կազմակերպող միութիւններուն նիւթական օժանդակութեան վերջ տալ, նոյնիսկ եթէ այդ քայլին իբրեւ հետեւանք քաղաքական անձնաւորութիւններուն տիկինները նեղանան:

Ան նշեց, որ նախարարութիւնը նման օժանդակութիւններ կը կատարէր նախքան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ սեղմումներ կատարելու կարիքը կայ:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ ինք այս մասին իր առաջարկը պիտի ներկայացնէ, որովհետեւ այդ մասին քաղաքական անձնաւորութիւններուն կարծիքը կարեւոր է:

«Ժամանակն է արդէն նկատի ունենալու առաջնահերթութիւնները, եւ այս պարագային նախապատուութիւնը հանրայայտ միջազգային փառատօներունն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նոյնիսկ այդ պարագային պէտք է յստակ գումար մը ճշդուի:

Անդրադառնալով զբօսաշրջական ոստիկանութեան` նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ այդ ոստիկաններուն թիւը 100 է եւ կարելի չէ անոնց ընդմէջէն ամէն խախտում հակակշիռի տակ առնել:

Լիբանան այցելող եւրոպացի զբօսաշրջիկին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ եւրոպացի զբօսաշրջիկը գիտէ, թէ ինչո՛ւ համար Լիբանան կ՛այցելէ` շեշտելով, որ պէտք է մտածել այն ուղղութեամբ, որ Լիբանան այցելողը գիտէ, թէ ճիշդ ի՛նչ կ՛ուզէ:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ Լիբանանի հարեւան երկիրները իրենց կարգին զբօսաշրջական հարցեր կը դիմագրաւէին, սակայն անոնք կրցած են ճիշդ ախտաճանաչում կատարել եւ լուծել այդ մարզին հարցերը: «Լիբանան պէտք է բաց տարածքի քաղաքականութիւն վարէ, այսինքն` արտօնէ, որ ամէն տեսակի օդանաւային ընկերութիւն էջք կատարէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, որպէսզի Լիբանան այցելութեան օդանաւային տոմսերը մատչելի դառնան», ըսաւ նախարար Կիտանեան:

 

 

Նախորդը

Ասմար Կը Մերժէ Աշխատավարձի Յաւելումներուն Որոշումը Վերատեսութեան Ենթարկել

Յաջորդը

Քանաան. «Պետական Ամավարկին Մէջ Պաշտօնի Կոչուելու Համեմատութիւնը 40 Առ Հարիւրը Պէտք Չէ Անցնի»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.