ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Իսրա Միհրաժի առիթով ուղղած իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ Երուսաղէմի հողը, ուր Աքսայի մզկիթը կայ, սուրբ է, եւ պէտք է գիտակցիլ, որ այդ հողը բռնագրաւուած է եւ սրբապղծուած: Լիբանանեան առումով հանրապետութեան միւֆթին կոչ ուղղեց պէտք եղած բարեկարգումները կատարելու եւ կարգ մը պետական հաստատութիւններէ փտածութիւնը արմատախիլ դարձնելու:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Զասիփքին շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու նպատակով ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, ինչպէս նաեւ սուրիական իշխանութիւններուն եւ պատկան կողմերուն հետ պիտի գործեն, որովհետեւ տեղահանուածներուն վերադարձը Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման հետ կապ չունի:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին մէջ չկայ կէտ մը, որ կարելի չըլլայ փոփոխութեան ենթարկել: Ան հաստատեց, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ նուազուրդները Նուազուրդի պետական վարչութեան միջոցով կատարելու գաղափարին:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք շեշտեց, որ նախարարութիւնը կը ջանայ Աքքարի մէջ բուժարաններ հաստատել, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանի բնակչութեան դիմագրաւած առողջական հարցերը լուծել:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասան շեշտեց, որ կառավարութիւնը որոշած է գործադրել շարք մը բարեկարգումներ, որոնց նպատակն է ամրապնդել տնտեսութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ Կոլանը Իսրայէլին բռնակցելու որոշումը ո՛չ միայն Սուրիոյ դէմ ուղղուած է, այլեւ` Լիբանանի: Միւս կողմէ, Ֆըրզլի շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսութեան փուլ գալուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը իրականութեան չեն համապատասխաներ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ Երուսաղէմը պիտի մնայ Պաղեստինի յաւերժական մայրաքաղաքը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի հաստատեց, որ ոչ ոք պիտի կարենայ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը ձախողեցնել: Ան շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ 11 նախարար ունենալու իրականութեան վրայ շեշտած են` յաջողցնելու համար ներկայ իշխանութիւնը:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ դատախազ Նիքոլա Մանսուրի հետ հարցեր չկան: Ան աւելցուց, որ պատահածը թիւրիմացութիւն մըն էր, որ արդէն լուծուած է:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լեռնալիբանանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աունի որոշումը` երկու դատաւորներու աշխատանքի կասեցման գծով, մեծ ընդվզում յառաջացուցած է դատաւորներու շրջանակին մէջ: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ փտածութեան դէմ պայքարը վերածուած է դատաւորներուն միջեւ պատերազմի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Լիբանանի կամ շրջանին մէջ պատերազմ մը պիտի չբռնկի, նուազագոյնը այս տարուան ընթացքին: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Պքերքէ մտադրած է մարոնի ղեկավարներու համախմբում մը կատարել, որուն շրջագիծին մէջ կը նախատեսուի Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու ղեկավարներ Ժըպրան Պասիլի ու Սամիր Ժահժահի համար առանձին հանդիպում մը կազմակերպել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Թունուզի մէջ գումարուած Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին Լիբանան յստակ զօրակցութիւն ստացած է` տնտեսական իր կայունութիւնը ամրապնդելու համար: