Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Արաբական լիկայի վեհաժողովին որոշումները շատ աւելի նուազ հեղինակութիւն ունին, քան արաբ ժողովուրդին դիմագրաւած ներկայ վտանգաւոր փուլը: «Այդ որոշումները Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմն ու Կոլանը հրէականացնող որոշումներուն մակարդակին համազօր չեն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Արաբական լիկային հրապարակած որոշումները հսկայ հակադրութիւններ կը պարունակեն: «Մինչ արաբ ղեկավարները կ՛ընդգծեն Երուսաղէմը եւ Կոլանը ազատագրելու արաբական իրաւունքը, անոնցմէ շատեր կ՛ուղղուին Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, իսկ ոմանք նաեւ իրենք զիրենք կը մեղադրեն, որ երկար ժամանակէ ի վեր իսրայէլեան գոյացութեան հետ չեն գիրկընդխառնուած», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նոյն հաղորդագրութեամբ Հըզպալլա բարձր գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքները, որոնք կը վերաբերէին Պաղեստինի եւ Կոլանի, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ Դիմադրութեան զօրակցութեան, սպանդի ենթարկուող Եմէնի ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու եւ Սուրիան Արաբական լիկա վերադարձնելու անհրաժեշտութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ Հըզպալլա դրուատեց պաղեստինցի դիմադրող ժողովուրդը եւ «Երկրի օրուան» առիթով անոր կազմակերպած բողոքի ցոյցերն ու քայլարշաւները` հակառակ անոր դիմագրաւած բոլոր դաւադրութիւններուն, պատերազմներուն եւ շրջափակումին:


