ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ նամակներ յղեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան եւ Մաքսատան գերագոյն խորհուրդին, որպէսզի անոնք յանձնառու մնան սպառողներու պաշտպանութեան օրէնքին:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամալ Ժարրահ երէկ ընդունեց Ամալ շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Այուպ Հըմայէտի: Հանդիպումին քննարկուեցան տեղեկատուութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց մերժելու Երուսաղէմն ու Կոլանը իսրայէլեան գերիշխանութեան ենթակայ նկատելու ամերիկեան որոշումը, ինչպէս նաեւ որդեգրելու թշնամիին դէմ պայքարելու ընտրանքը: Խալիլ հաստատեց, որ իրենք անշեղ կը մնան Դիմադրութեան, արաբական միասնականութեան եւ լիբանանեան բանակին կառչած մնալու ընտրանքէն` հակառակ բոլոր ճնշումներուն:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման կոչ ուղղեց ելեկտրականութեան տագնապի լուծման համար մնայուն ծրագիր որդեգրելու, ինչպէս նաեւ հաստատ քայլերու դիմելու` երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու առումով:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի Կոլանի զօրակցութեան հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան իրենց իրաւունքներուն եւ պիտի չհրաժարին արաբական միասնականութենէն:
ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ յայտնեց, որ ժամանակը հասած է տնտեսական արտակարգ ծրագիր մը մշակելու` հաշուետուութեան կանչելու համար փտածները:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ մասնակի ընտրութիւններու Մուսթաքպալ հոսանքի թեկնածու Տիմա Ժամալի երէկ յայտնեց, որ իրենք կը յարգեն պետութեան ու պետական հաստատութիւններուն որոշումները եւ յանձնառու կը մնան օրէնքին գործադրութեան:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ ինք կը փափաքի ելեկտրականութեան տագնապի լուծման թղթածրարը կառավարութեան նիստին ընթացքին համախոհութեամբ վաւերացնել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ իր Դիմադրութիւնը, մինչեւ որ Լիբանանի բռնագրաւուած բոլոր հողերը ազատագրուին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի հաստատեց, որ պետական ամավարկի վաւերացումը անհրաժեշտութիւն է` կարգաւորելու համար երկրին նիւթական ընդհանուր իրավիճակը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան հաստատեց, որ Լիբանանի կացութիւնը հզօր կամք կը պահանջէ, որպէսզի երկիրը կարենայ շրջանցել իրեն սպառնացող այս դժուար փուլը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը եղանակային չէ` հաստատելով, որ փտածութեան դէմ Դիմադրութեան մղած պայքարը այս կամ այն անձնաւորութեան դէմ չէ ուղղուած:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կարեւոր նկատեց պետական ամավարկի վաւերացումը: Ան շեշտեց, որ պետական ամավարկը վաւերացնելու յղացքին պէտք է մօտենալ հեռու մնալով նեղլիկ հաշիւներէն:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի համադաշնակցութեան նախկին նախագահ Ուատիհ Խազեն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` բարձր գնահատելով Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին անոր արտասանած խօսքը:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ հոգեւոր պետերու համադաշնակցութեան նախագահ շէյխ Մահեր Համմուտ հաստատեց, որ Սուրիոյ բացակայութեան գումարուած արաբական բոլոր վեհաժողովները անարժէք են:


