Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Պուլկարիա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւի, խորհրդարանի նախագահ Ցվեթա Քարայենչեւայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրինա Զաքարեւայի հետ:
Պուլկարիոյ նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու Պուլկարիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Քննարկուեցան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական, տնտեսական, զբօսաշրջական եւ մշակութային յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ուսանողներ փոխանակելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` հաստատելով, որ այդ տագնապը կարելի է լուծել միայն տեղահանուածներուն ապահով տունդարձով:
Ռատեւ բարձր գնահատեց Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանի դերակատարութիւնը` զայն որակելով շրջանի կայունութեան ազդակը, ինչպէս նաեւ արժեւորելով Լիբանանի որդեգրած դիւանագիտութիւնը` իբրեւ պետութիւն մը, որ ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան հզօր իրականութեամբ կը գոյատեւէ:
Ան նկատել տուաւ, որ քանի մը օր ետք պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Լիբանան:
Պասիլ պուլկարացի իր պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքները եւ Ղաժար գիւղաքաղաքը լիբանանեան բռնագրաւուած հողեր են եւ լիբանանցիները կարողութիւն ունին վերատիրանալու իրենց հողերուն:
«Մենք համոզուած ենք, որ բռնագրաւուած Կոլանը սուրիական հող է եւ կը մնայ սուրիական հող», ըսաւ ան:



