Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Ելեկտրականութեան Ծրագիրի Յատուկ Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

April 2, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեկտրականութեան ծրագիրի յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի եւ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Ժամալ Ժարրահ, Աքրամ Շեհայէպ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Քամիլ Ապու Սլէյման, Նատա Պուսթանի եւ Ատել Աֆիունի, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչներ եւ շարք մը խորհրդատուներ:

Հանդիպումէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ յանձնախումբը սկզբունքային համաձայնութիւն մը գոյացուցած է ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին շուրջ:

Ան նշեց, որ յանձնախումբը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, որպէսզի քննարկումները շարունակուին նոյն դրական հոգեբանութեամբ, ինչպէս որ էր երէկ:

Ժարրահ յայտնեց, որ վաղուան նիստին ընթացքին ծրագիրին մաս կազմող յաւելեալ կէտեր կրնան վաւերացուիլ եւ հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ներկայանալ ստանալու վերջնական համաձայնութիւնը:

Ան աւելցուց, որ ծրագիրին մէջ նշուած որոշ կէտեր փոփոխութեան եւ յստակացումներու կ՛ենթարկուին համախոհութեամբ:

Անդրադառնալով նուազուրդներուն վերաբերող կէտին` Ժարրահ նշեց, որ յանձնախումբին մէջ այդ իմաստով հիմնական երկու կարծիք կայ` ընդգծելով, որ այդ իմաստով իրենք յարմարագոյնը պիտի որդեգրեն:

«Ծրագիրին բովանդակած պայմաններուն մեծ մասին շուրջ համաձայն ենք եւ կը յուսանք կառավարութեան նիստին ներկայանալ բացառիկ պայմանագիրով», շեշտեց Ժարրահ:

Հարիրի – Թարապէյ Հանդիպում

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը` ընկերակցութեամբ համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուիսամ Ֆաթթուհի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական եւ տնտեսական հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Թարապէյ յոյս յայտնեց, որ տնտեսական բարեկարգումի մասին խոստացուած աւետիսները շօշափելի դառնան:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ կիներու եւ երիտասարդներու ընկերային եւ տնտեսական ուժեղացման նախարար Վիոլեթ Սաֆատին, որ վարչապետին հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը` ընկերակցութեամբ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Տաուտ Տաուտի, Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի, եւ ներկայութեամբ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի:

Հանդիպումէն ետք Տաուտ յայտնեց, որ քննարկուած է Տըպպայէի մէջ կառուցուելիք պետական երաժշտանոցի ծրագիրը` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքը պիտի սկսի այս տարուան երկրորդ կիսուն:

Տաուտ նշեց, որ կառուցուելիք պետական երաժշտանոցին ֆինանսաւորումը պիտի հոգայ Չինաստանի պետութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա պիտի ըլլայ միջազգային մակարդակի կառոյց մը:

 

Նախորդը

Քանաան. «Պետական Ամավարկին Մէջ Պաշտօնի Կոչուելու Համեմատութիւնը 40 Առ Հարիւրը Պէտք Չէ Անցնի»

Յաջորդը

Իրաքի Մէջ. Պըրրի – Սիսթանի Հանդիպում

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.