Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Մէջ. Պըրրի – Սիսթանի Հանդիպում

Ապրիլ 2, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ նախանցեալ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Իրաք, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ շիի համայնքի հոգեւոր գերագոյն հեղինակութեան` այաթոլլա սէյիտ Ալի Սիսթանիի հետ:

Նաժաֆի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Պըրրի շեշտեց, որ ինք գտնուած է պետութիւն մարմնաւորող անձնաւորութեան մը, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ ապրող հոգեւոր տիպարի մը դիմաց:

Պըրրի շեշտեց, որ Սիսթանի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ եւ տակաւին կը պայքարի ի խնդիր Իրաքի միասնականութեան, անոր բարգաւաճումին եւ փտածութեան դէմ պայքարին: «Ան կը մղէ իրաքցի ժողովուրդին կեանքի պատերազմը», ըսաւ ան:

Պըրրի հաստատեց, որ Սիսթանի հսկայ հեղինակութիւն մըն է, որ Իրաքի պաշտպանութեան մէջ հսկայ դերակատարութիւն ունի:

Ան նկատել տուաւ, թէ Սիսթանիի հետ քննարկած են շարք մը հարցեր` աւելցնելով, որ Սիսթանի մեծ սէր եւ գուրգուրանք ցուցաբերած է Լիբանանի նկատմամբ:

Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրաքի վարչապետ Ատել Ապտել Մեհտիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ապտել Մեհտի յայտնեց, որ Լիբանան մեծ կարելիութիւններ ունի օժանդակելու Իրաքին, ինչպէս որ Իրաք կրնայ տարբեր մարզերու պարագային զօրակցիլ Լիբանանին:

Ապտել Մեհտի բարձր գնահատեց Լիբանանի արդիւնաբերութիւնը, գիտական անոր դիրքն ու դրամատնային դրութիւնը, որ ո՛չ միայն շրջանային, այլ նաեւ համաշխարհային մակարդակի վրայ կը գտնուի:

Իրաքի վարչապետը դրուատեց Պըրրիի դերակատարութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած բարգաւաճման առումով:

Իր կարգին, Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը տագնապալի  է` աւելցնելով, որ Լիբանան ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնէ նուազեցնելու համար պետական գանձարկղի նիւթական բացը, ապա թէ ոչ ան ժխտական կացութեան դէմ յանդիման պիտի գտնուի:

Պըրրի ըսաւ, թէ Լիբանան պիտի շարունակէ իր միասնականութեամբ յաղթել Իսրայէլին, ինչպէս որ էր պարագան ահաբեկչութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղուած պայքարին յաղթանակին:

«Եթէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը չըլլար, ապա յաղթանակը շատ դժուար պիտի ըլլար», ըսաւ Պըրրի:

Ան հաստատեց, որ Իրաք կրնայ լուրջ դերակատարութիւն ունենալ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ հաշտութիւն գոյացնելու առումով:

Կը նախատեսուէր, որ Պըրրի հանդիպում մը ունենար նաեւ իրաքցի իր պաշտօնակիցին` Մոհամետ Հալպուսիի հետ:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Ելեկտրականութեան Ծրագիրի Յատուկ Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

Յաջորդը

Շիշլիի Շրջանին Մէջ Յաղթանակ Արձանագրած Է Սելինա Տողանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?