Պայրագտարեան Ընդունեց ՖԻՖԱ-ի Նախագահ Ճիանի Ինֆանթինոն
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինօ այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին: Պայրագտարեան ողջունեց իր հիւրը, շնորհաւորեց զինք Լիբանանի քաղաքացիութիւն ստանալուն առիթով եւ առաջին անգամ ըլլալով նախարարութիւն անոր այցելութիւնը նկատեց աննախադէպ զարգացում մը, որ Լիբանանի երիտասարդներուն եւ մարզիկներուն իւրայատուկ աջակցութեան արտայայտութիւն է, ինչ որ գնահատելի նախաձեռնութիւն է: Նախարարը ՖԻՖԱ-ի նախագահին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի աջակցութեան համար անոր թափած ջանքերուն համար, մասնաւորաբար...



















