. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Պահանջուածը այն է, որ գոյութիւն ունենայ Լիթանիէն հիւսիսի համար լիբանանեան բանակի փուլային ծրագիր, որովհետեւ չենք կրնար անորոշութեան մէջ մնալ»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Ոչինչ կ՛արգիլէ ընտրութիւններու կայացումը, եւ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ օրէնսդրութեան ու խորհրդատուութիւններու մարմինը ներքին գործոց նախարարութեան պատասխանեց, թէ ճամբու քարտէսը յստակ է, եւ արտերկրի լիբանանցիներէն իւրաքանչիւրը իր ընտրաշրջանին մէջ 128 երեսփոխաններու պիտի քուէարկէ»:
. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «խորհրդատուական մարմինին արտերկրի լիբանանցիներուն արտասահմանի մէջ իրենց բնակած վայրերուն մէջ բոլոր ընտրաշրջաններուն քուէարկել արտօնող տեսակէտը քաղաքական ու երեսփոխանական մակարդակներու վրայ մասնաւորաբար ներկայ պահուն այդ քայլի իմաստին շուրջ հարցականներ ստեղծեց»:
. ՇԻԻ երկեակի աղբիւրները «Տիար» օրաթերթին. «Նախարարաց խորհուրդին արդարադատութեան նախարարութեան խորհրդատուական մարմինի ոչ պարտադիր տեսակէտի որդեգրումը կը սպառնայ տապալել ընտրական ամբողջ գործողութիւնը, մանաւանդ որ անիկա բողոքարկման ենթակայ պիտի դառնայ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հակառակ Հըզպալլային իր ծանօթ ու բազմիցս անոր երեսփոխաններու կողմէ կրկնուած դիրքորոշման, կը թուի, թէ ան կը գործակցի հասնելու տարազի մը, որ կառավարութիւնը զերծ կը կացուցէ բախելէ մեծ ականի մը, որովհետեւ անոր վնասուիլը ինքնաբերաբար իր արձագանգը պիտի ունենայ երկրի ընդհանուր կացութեան վրայ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կատարած մագլցումն ու խորհրդատուական մարմինի որոշումը ազդեն կառավարութեան Լիթանիի հիւսիսին վերաբերեալ նիստին վրայ, մանաւանդ որ Պըրրի իր վերջին խօսքին ընթացքին անուղղակի կերպով ակնարկեց Պաապտայի պալատին, երբ ըսաւ, թէ գոյութիւն ունի կողմ մը, որ արդարադատութեան յուշած է այս որոշումը որդեգրել»:
. ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ ճարտարապետներու սենտիքայի նախագահ Ֆատի Հաննա «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ հին շէնքերու մեծամասնութիւնը խնդիրներ կը դիմագրաւէ, եւ մանրակրկիտ քննութիւն գոյութիւն չունի: Այն, ինչ որ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցաւ, ահազանգ է լարուած ռումբերէն զգուշանալու»:
. ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Ազգային դրամանիշի վարկանիշի բարձրացումը կը պարունակէ իմաստներ, որոնք կը գերազանցեն թեքնիք երեւոյթը, որովհետեւ անիկա կ՛արտացոլացնէ պետութեան լիբանանեան թղթոսկիով իր պարտաւորութիւններուն սպասարկելու ունակութեան համեմատական բարելաւումը, առանց անպայման նշանակելու, թէ Լիբանան դուրս կու գայ բարձր վտանգի շրջագիծէն»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի այն հաստատ բանը, թէ ոչ ոք կրնայ մէկը ջնջել, սակայն դժբախտաբար գոյութիւն ունի մէկը, որ կը համարի ատոր հաւատալ, եւ Հարիրիի ինքզինք զանց կացուցելուն հետ վարուեցաւ այնպէս, կարծէք ան վերջ գտած է եւ անոր հարցը փակուած է»:
. ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ղեկավարութիւնները շեշտեցին, որ կ՛աջակցին հարաւցիներու անսասանութեան եւ պատրաստակամ են 2026 թուականի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու:


