Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քապալան. «Դիմադրութեան Վերջին Պատերազմին Մատուցածը Առասպելական Տոկունութեան Հսկայական Բնորդ Մըն Է»

February 12, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց, որ այն, ինչ որ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի կ՛ունենայ, իրարու շատ առնչուած եւ ազդեցութիւն ունեցող խաղ է, եւ որովհետեւ արաբական ու իսլամական շահերը կարելի չէ իրարմէ անջատել, եւ Լիբանանը իր գերիշխանութեան, ազատագրման ու արժանապատուութեան հարցով Թեհրանին գերիշխանական պարտք ունի, պէտք է շնորհաւորենք Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը անոր ազգային տօնին առիթով, որ Միջին Արեւելքի մէջ պատմական մեծագոյն պահու սաղմը կազմեց»:

«Լիբանանը այսօր մեծապէս առնչուած է իրանեան հաւասարակշռութեան, որովհետեւ վերջինս կեդրոնական աջակիցն է Դիմադրութեան մեծագոյն բնորդին, որ Իսրայէլը պարտութեան մատնեց, հողը ազատագրեց եւ Լիբանանին վերատիրացաւ: Այն, ինչ որ Դիմադրութիւնը վերջին պատերազմի ընթացքին մատուցեց, առասպելական տոկունութեան հսկայական բնորդ է», ըսաւ ան:

«Այսօր պահը կ՛ենթադրէ արաբական եւ իսլամական ինքնութեանց հաշտեցումը` հեռու մնալով օտար տիրապետութենէն, եւ անկասկած Թեհրանի, Ռիատի, Գահիրէի, Անգարայի եւ Իսլամապատի միջեւ կարգաւորող ուժի որեւէ ստեղծում բաւարար է ականահարելու Պելֆուրի խոստումին ու Սայքս-Փիքոյի ժառանգութիւնը, եւ անիկա վճռական անհրաժեշտութիւն է երաշխաւորելու շրջանի գերիշխանական շահերը», նշեց շէյխ Քապալան:

«Ընտրանքը պէտք է սկսի արեւելքէն եւ ոչ թէ արեւմուտքէն, որովհետեւ արեւմուտքը միայն ազդեցութեան, վերահսկողութեան, թալանման, քաոսի եւ աւերակման խաղին մէջ լաւ է», շեշտեց ան:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ճաշարաններու Սենտիքան Կոչ Կ՛Ուղղէ` Այսուհետեւ Փոխան «Թրքական Սուրճ»-ի «Լիբանանեան Սուրճ» Անունը Օգտագործելու

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի

February 19, 2026
Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է  Իր Պարտաւորութիւնները  Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը  Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»
Լիբանանեան

Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է Իր Պարտաւորութիւնները Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»

February 19, 2026
Խուրի. «Բանակը Մօտաւորապէս Մէկ Ամսուան  Կարիք Ունի Լիթանիէն Հիւսիս Իր Տեղակայման  Երկրորդ Փուլը Գնահատելու»
Լիբանանեան

Խուրի. «Բանակը Մօտաւորապէս Մէկ Ամսուան Կարիք Ունի Լիթանիէն Հիւսիս Իր Տեղակայման Երկրորդ Փուլը Գնահատելու»

February 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.