Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 14, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի պատուիրակ երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշին, որ նախագահին ներկայացուց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութեան Դամասկոս այցելութեան եւ սուրիացի պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներուն արդիւնքները:

– ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի դարձաւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պաշտօնապէս առաջադրած առաջին անձնաւորութիւնը: Ան Սուր-Զահրանի ընտրաշրջանին մէջ թեկնածու առաջադրուեցաւ: Անոր օրինակին հետեւեցաւ երեսփոխան Քապալան Քապալանը` իր թեկնածութիւնը առաջադրելով Արեւմտեան Պեքա եւ Ռաշայա ընտրաշրջանին մէջ:

– ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի, Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի եւ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտըր Ռուտաքովի հետ:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Պինա» օրաթերթին. «Լիբանանեան կացութիւնը դարակը դրուեցաւ, մինչեւ շրջանային կացութեան յստակացումը: Յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին զէնքի թղթածրարին ու ընտրութիւններու հարցին մէջ նշանակալից զարգացումներ տեղի պիտի չունենան, այլ անոնք պիտի մնան պարանաձգութեան շրջագիծին մէջ»:

– ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նահար» օրաթերթին. «Քալամունի եւ Հոմսի գիւղական շրջաններուն մէջ զինուորական աննախադէպ շարժումներու մասին շրջանառուող տեղեկութիւնները կացութեան իրականութիւնը ճշգրիտ կերպով չեն ներկայացներ»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Կառավարութիւնը երկուշաբթի օրուան իր նիստին պաշտօնապէս զէնքի մենաշնորհման երկրորդ փուլին անցումը պիտի յայտարարէ, սակայն ատիկա պիտի կապէ թշնամիին զինադադարի համաձայնութիւնը յարգելուն, յարձակումները դադրեցնելուն, հինգ կէտերէն հեռանալուն եւ գերիները վերադարձնելուն»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Պինա» օրաթերթին. «Կառավարութեան ուղղուածութիւնը «զէնքի զսպում» բառակապակցութեան օգտագործումն է` փոխան զայն վերացնելուն կամ մենաշնորհելուն: Բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ պիտի խօսի զէնքի մենաշնորհման առաջին փուլի փորձառութեան ու խոչընդոտներուն մասին, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացնէ երկրորդ փուլի իր ծրագիրն ու անոր կարիքները»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Երկուշաբթի օրուան նախարարաց խորհուրդի նիստը բուռն պիտի ըլլայ, որովհետեւ Դիմադրութեան հակառակորդները նշաձողը պիտի բարձրացնեն լարուածութիւն ստեղծելու եւ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սալամի վրայ ճնշում բանեցնելու համար»:

– «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթի տուեալներուն համաձայն, «կրնայ երկեակի, մասնաւորաբար Հըզպալլայի նախարարներու նիստէն հեռանալու ուղղուածութիւն չըլլալ` իշխանութիւնները հանգստացնելու եւ ընդգծելու համար, թէ զէնքի հարցը գերիշխանութեան հարց է, որ կապուած է լիբանանցի ժողովուրդի պաշտպանութեան իրաւունքներուն հետ»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Բանակին Լիթանի գետէն հիւսիս զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ ներկայացնելիք զեկուցումը տարբեր է Լիթանի գետէն հարաւի առնչուած ծրագիրէն, եւ զօր. Հայքալ դուրս պիտի չգայ միաձայնութենէն, նաեւ Դիմադրութեան հետ բախում չունենալու նկատմամբ նախանձախնդրութիւն գոյութիւն ունի»:

– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Փարիզի խորհրդաժողովի նախապատրաստութեան յանձնախումբը այս շաբաթ իր ժողովը պիտի չգումարէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա պիտի յետաձգուի յառաջիկայ շաբթուան, եւ մինչ պետութիւնը պատճառները կը քննարկէ, տարբեր պատասխաններ կը ստանայ, ինչ որ հարցականներ կը ստեղծէ»:

– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Վարչապետ Սալամ ունի արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան վերաբերեալ տեսակէտ մը, որ հիմնուած է օրինագիծի մասնատման վրայ, սակայն ոչ ինչպէս զայն մասնատեց խորհրդարանի նախագահ Պըրրին, որ կ՛ուզէ ամբողջ թիւ 11 յօդուածը ջնջել, իսկ Սալամ կ՛ուզէ անոր միայն մէկ կէտը ջնջել»:

– ԸՍՏ «Մուտուն»-ի տուեալներուն, «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր աչքը սեւեռած է երկու ընտրապայքարներու վրայ` Ժեզինի աթոռին Ամալ Ապու Զէյտի թեկնածութեամբ վերատիրանալ եւ պահպանել Պասիլի աթոռը Պաթրունի մէջ, ուր ղեկավարութիւնը քաղաքական կամքով ու ժողովրդային զօրակցութեամբ վճռուած կը նկատէ»:

ՇԻԻ երկեակի աղբիւրները «Մուտուն»-ին. «Պէյրութի երկրորդ ընտաշրջանի պատկերը մշուշոտ է, եւ վճռական ազդակը Մուսթաքպալ հոսանքի ընտրութիւններուն մասնակցելու կամ ինքզինք զանց կացուցելու որոշումն է»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Շիի երկեակը Մուսթաքպալ հոսանքին հետ` զայն տկարացնելու համար ճակատումի մէջ պիտի չմտնէ, այլ պիտի քաջալերէ անոր վերադարձը, թէկուզ այդ մէկը անուղղակի կերպով տեղի ունենայ»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի հարցերը կը մղէ դէպի Մուսթաքպալ հոսանքի վերադարձը, եւ կ՛ուզէ կարելի եղածին չափ անոր աջակցիլ, թէկուզ ծածուկ կերպով, բան մը, որ Հըզպալլայի դիրքորոշման կը համընկնի»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրները «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, բնական է, եւ փոփոխութիւնը տեղի կ՛ունենայ մեկնելով ղեկավարութեան մօտ գտնուող որոշակի պատկերացումէ մը, որ դերերու փոփոխութիւնն է, որովհետեւ անոնք, որոնք իրենց թեկնածութիւնը չառաջադրելը յայտարարեցին, պիտի մնան կուսակցութեան շարքերուն մէջ եւ կրնան կուսակցական պաշտօններ ստանձնել»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրները «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Այս փոփոխութիւնը պարտադիր դարձնող գործօններէն են շարքերու պահանջները, ընտրական հաշիւները, կուսակցական նկատառումները, դերերու վերաբաշխումը եւ դաշինքին մէջ նոր տարրեր եւ թարմացուած ուժ ներմուծելու ցանկութիւնը»:

– ՏԱՐ ՖԱԹՈՒԱՅԻ աղբիւրները «Ախպար» օրաթերթին. «Պետական շուրայի որոշումը պաշտօնապէս չստացանք, եւ Այիշա Պաքքարի մէջ խառնաշփոթ գոյութիւն ունի, մանաւանդ որ պահանջուած փաստաթուղթերուն մէկ մասը արդէն իսկ գոյութիւն չունի, ինչ որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Տրիանը դժուար կացութեան կը մատնէ»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Պետական շուրայի որոշումը կապ չունի Ապու Օմարի թղթածրարին հետ, եւ արդարադատական երկու ուղիները իրարմէ անջատ են, ինչ որ կը ստեղծէ այն հարցականը, թէ արդեօք շէյխ Տրիանը հեռացնելու սէուտական որոշո՞ւմ գոյութիւն ունի»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «արտաքին գործոց նախարար Ռաժժի որոշած է դեսպան Ժան Մրատը պահել կեդրոնական վարչութեան մէջ, որովհետեւ պետական շուրան ընդունեց պետութեան դէմ ներկայացուած` նախարար Պու Հապիրի պաշտօնավարման շրջանին զինք կեդրոնական վարչութիւն կանչելու հարցով բողոքարկումը»:

– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ֆատել Շաքերի փաստաբանը` Ամաթա Մուպարաքը կը պատրաստուի ազատ արձակման չորս դիմումներ ներկայացնելու` նկատի ունենալով, որ Շաքեր զինուորական դատարանին մէջ չորս դատական հայցերով կը դատուի»:

– ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մոհամետ Սահիտ Խանսա «Տիար» օրաթերթին. «Ռայի պատրիարքէն հեռացում չկայ, այլ երկխօսութիւն, եւ ան յստակ էր, որովհետեւ յայտարարեց, թէ պետութիւնը պէտք է հարաւէն իսրայէլեան հեռացումը ապահովէ, վերակառուցում կատարէ, եւ մեր ուզածը այդ է»:

– ՄԱԹԱՐ եպիսկոպոսը «Տիար» օրաթերթին. «Կ՛ուզենք շիի համայնքին հետ միատեղուիլ եւ հայրենիքը համախմբել: Մեր միջեւ որեւէ պառակտում ու տարակարծութիւն պէտք չէ ըլլայ, այլ պէտք է բոլորս միաւորուինք»:

– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլ կը ծրագրէ երկար ժամանակ մնալ սահմանային շրջանին մէջ եւ զայն ամրագրել իբրեւ չբնակեցուած շրջան, ինչպէս նաեւ թունաւոր նիւթեր սրսկելով փոխել անոր աշխարհագրական կանաչ բնոյթը»:

– «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Օդանաւային ընկերութիւնները կը գովազդեն Ֆիթրի տօնը Լիբանան անցընելու առաջարկներ, եւ մեծաթիւ լիբանանցիներ անոնց կ՛ընդառաջեն, իսկ արտերկրի լիբանանցիներուն ժամանման հարցը տակաւին յստակ չէ` ապահովական կացութեան դիտարկման պատճառով»:

– 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 14000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.424.000 լ.ո.-ի եւ 1.467.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 9000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.354.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.371.000 լ.ո.:

 

Նախորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Պու Սաապ. «Ընտրական Օրէնքին Մէջ Բաց Գոյութիւն Ունի, Եւ Ընտրութիւնները Չեն Կրնար Կատարուիլ Գոյութիւն Ունեցող Խոչընդոտներով

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.