Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անդրադառնալով արդարադատութեան նախարարութեան օրէնսդրութեան եւ խորհրդատուական մարմինի պատասխանին, թէ արտերկրի լիբանանցիները կրնան 128 երեսփոխաններու քուէարկել, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին նշեց. «Ասիկա առաջին անգամն է, որ կը լսենք, թէ դատաւոր մը օրէնքի մը գործադրումը կը կասեցնէ, փոխանակ անոր գործադրութիւնը ապահովելու: Անիկա չի կրնար շրջանցուիլ ոչ պարտադիր խորհրդատուութեամբ, եւ մարմինի կողմէ տրուած պատասխանը կը վկայէ խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամանակին կայացնելը կանխարգիլելու ծրագիրի գոյութեան մասին, եւ որ ատոր հրապարակումը տեղի ունեցած է կողմի մը յուշումով»:
Պըրրի վերստին կրկնեց իր խօսքը, թէ կողմ մը օրէնսդրութեան ու խորհրդատուութեան մարմինին յուշած է այսպիսի պատասխան մը հրապարակել, եւ ըսաւ. «Ատիկա պատահական չէ, եւ ծիրանի գօտիի վրայ չի զետեղուիր, այլ գոյացաւ յուշումովը կողմի մը, որ նախօրօք կը ծրագրէ ընտրութիւններուն ընթացքը կանգնեցնել եւ անոնց իրենց ժամկէտին կայացումը արգիլել: Այդ ընտրութիւնները պէտք է կայանան գործող ընտրական օրէնքի հիմամբ»:
Պըրրի նշեց, որ ընտրութիւններու թեկնածութեան առաջադրման բացումը անձնապէս կատարած է` մեկնելով իր համոզումէն, թէ «անհրաժեշտ է ճամբան փակել այն բոլոր խօսքերուն ու տարաձայնութիւններուն, թէ խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգումը կը նախընտրեն, այն պատրուակով, որ Ամալ շարժումի ժողովրդականութիւնը սկսած է նահանջել, եւ անոնց կայացման մէջ շահ չունինք: Սակայն մենք որոշեցինք քուէատուփերուն դիմել, որովհետեւ անոնք միայն պատասխանն են այս բոլոր ըսի-ըսաւներուն ու փափաքներուն»:
«Կը պնդէի եւ տակաւին կը պնդեմ ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու վրայ, եւ բոլոր կողմերը թող իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնին անոնց կայացումը դիւրացնելով, փոխանակ անոնց դիմաց կարգ մը խոչընդոտներ դնելու», աւելցուց խորհրդարանի նախագահը:


