Ըստ Քուէյթեան «Անպա» Օրաթերթին. Ամերիկացի Զինուորներ Վար Առած Են Բանակի Համաթի Ռազմակայանին Վերեւ Թռիչք Կատարող Անծանօթ Անօդաչու Թռչող Սարք Մը
Քուէյթեան «Անպա» օրաթերթը կը գրէ. «Անցեալ երկուշաբթի օր տեղի ունեցաւ ուշագրաւ դէպք մը, որուն մանրամասնութիւնները յայտնի դարձան հինգշաբթի օր: Հիւսիսային Լիբանանի Համաթ շրջանին մէջ` Հիւսիսի նահանգապետութեան տարածքին մէջ ինկած է լուսանկարման յատկացուած փոքր անօդաչու թռչող սարք մը, որուն տէրը անյայտ է եւ տակաւին չէ յայտնաբերուած: Նաեւ տակաւին յայտնի չէ, եթէ անօդաչու թռչող սարքը Համաթի մէջ օդուժի ռազմակայանը կը նկարէր կամ...




















