Պայրագտարեան Ընդունեց Տնտեսական Ու Բարգաւաճման Գործակցութեան Կազմակերպութեան Պատուիրակութիւնը
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Տնտեսական ու բարգաւաճման գործակցութեան կազմակերպութենէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Քարոլին Մինան, Քարին Պատրը, Անթոնիոս Սթովիսն ու Հարիս Խանը: Պատուիրակութիւնը առաջարկեց, որ նախարարը մասնակցի Լիբանանի մէջ իրաւարարութեան ամրապնդման առնչուող բարձր մակարդակի խորհրդաժողովին, առաջարկ մը, որ հետաքրքրութեան, քննարկումի եւ դրական ընկալման արժանացաւ: Պայրագտարեան պատուիրակութիւնը դրաւ մթնոլորտին մէջ նախարարութեան...



















