Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Աշխատանք Կը Տանինք Թրիփոլիի Մէջ Խարխլած Եւ Փլուզուող Շէնքերու Խնդիրը Լուծելու Ուղիներ Գտնելու Ուղղութեամբ»

February 11, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Թրիփոլիի հասարակութեան ներկայացուցիչները, որոնց շարքին էին Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամը, մարոնիներու Թրիփոլիի առաջնորդ Եուսեֆ եպս. Սուէյֆը, յոյն ուղղափառներու Թրիփոլիի, Քուրայի եւ անոնց մերձակայքի առաջնորդ Աֆրամ եպս. Քիրիաքոսն ու հիւսիսի նահանգապետ Իման Ռաֆիհին:

«Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը տարբեր առնչակիցներու եւ հաստատութիւններու ջանքերու միատեղում կը պահանջէ», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը` նշելով. «Քաղաքացիական պաշտպանութիւնը չի կրնար առանձինը պատասխանատուութիւնը կրել»:

Ան մերժելով «Թրիփոլի մոռցուած ու լքուած է» խօսքը նշեց, որ վերջերս արձանագրուած կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկը «Ռաշիտ Քարամէ» միջազգային ցուցահանդէսի վարչական մարմինի նշանակումն էր, ինչ որ շրջանի բնակիչներուն ու Թրիփոլիի նաւահանգիստին մէջ գտնուող յատուկ տնտեսական գօտիին համար բազմաթիւ աշխատատեղերու կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ: Պետութիւնը շատ հետաքրքրուած է Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի շրջանի իրավիճակով, եւ Թրիփոլիի մէջ անվտանգութեան կացութիւնը զգալիօրէն բարելաւուած է»:

Անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ փլուզման վտանգ դիմագրաւող շէնքերու հարցին` նախագահը յայտնեց. «Այս շէնքերու վիճակին եւ անոնց պահանջուող ճարտարապետական չափանիշերուն համապատասխանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ հարցականներ կան: Այս հարցին մէջ տեղի ունեցողը իրական եւ երկարատեւ աղէտ է, զոր մենք չենք ընդունիր: Մենք կ՛աշխատինք այս խնդիրը լուծելու ուղիներ գտնելու ուղղութեամբ` առաջին փուլին ստուգելով շէնքերը, ապա ընտանիքներուն համար ապաստան գտնելով, որմէ ետք պիտի ձեռնարկուին անհրաժեշտ քայլեր` շէնքերը ամրացնելու կամ զանոնք քանդելու եւ նորէն կառուցելու համար»:

«Վարչապետ Նաուաֆ Սալամն ու ես կը հետեւինք այս հարցին, եւ բոլոր ջանքերը կեդրոնացած են այս ուղղութեամբ: Սակայն այս հարցի լուծումը կը պահանջէ ժամանակ, ջանք եւ գումար: Մինչ այդ, դուք պէտք է աւարտէք կացութեան ուսումնասիրութիւնը եւ կատարէք բոլոր շէնքերու հետազօտութիւնն ու ստուգումը», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:

 

Նախորդը

Խօսքը Ուղղելով Պաշտօնատարներուն` Ռայի Պատրիարք. «Սուրբ Մարունի Բարեխօսութեամբ Կ՛աղօթենք Ձեզի Օգնելու Զէնքի Մենաշնորհման, Իսրայէլի Հեռացման Եւ Բանակը Իր Ծրագիրի Գործադրութեան Կարող Դարձնելու Համար»

Յաջորդը

Վանս Եւ Ալիեւ Ստորագրեցին Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան Ռազմավարական Համագործակցութեան Կանոնադրութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի

February 19, 2026
Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է  Իր Պարտաւորութիւնները  Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը  Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»
Լիբանանեան

Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է Իր Պարտաւորութիւնները Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»

February 19, 2026
Խուրի. «Բանակը Մօտաւորապէս Մէկ Ամսուան  Կարիք Ունի Լիթանիէն Հիւսիս Իր Տեղակայման  Երկրորդ Փուլը Գնահատելու»
Լիբանանեան

Խուրի. «Բանակը Մօտաւորապէս Մէկ Ամսուան Կարիք Ունի Լիթանիէն Հիւսիս Իր Տեղակայման Երկրորդ Փուլը Գնահատելու»

February 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.