Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաատ Հարիրի. «Երբ Ընտրութիւնները Տեղի Ունենան, Մեր Ձայները Պիտի Լսեն Ու Հաշուեն»

February 16, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ իր հօր` վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 21-ամեակի ոգեկոչման առիթով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտնեց. «Չենք տապալիր, որովհետեւ մեր ծրագիրը, Ռաֆիք Հարիրիի ծրագիրը հայեցակարգ ու հաւատք է, թէ որքա՛ն ալ իյնայ Լիբանանը, ոտքի կը կանգնի: Մեր ծրագիրը կը գոյատեւէ այնքան ատեն որ դուք կաք, եւ միաւորուած կը մնանք, որպէսզի ունենանք երկիր մը, որ իր անցեալէն ու ներկայէն ամօթ չի զգար, եւ ներկան անոր ապագան չի թաղեր»:

«Ռաֆիք Հարիրին անցուկ ժամանակաշրջանի մը մարդը չէր, ո՛չ ալ պատրանքներու վաճառական, այլ իտէալական բնորդը պետական այրի մը, որ մինչեւ նահատակութիւն հաւատաց, թէ ոչ ոք իր երկրէն մեծ է», նշեց Հարիրի:

«Երբ պահանջուեցաւ թաքցնել պետութեան ձախողումն ու զիջումը, մենք ըսինք ոչ եւ որոշեցինք հեռանալ, որովհետեւ երկրի արժանապատուութեան եւ պետական նախագիծի հաշուոյն քաղաքականութիւնը անիմաստ է եւ մեր դպրոցին մէջ տեղ չունի», ըսաւ ան:

«Մենք հեռացանք, սակայն ներկայ ենք եւ ձեր մտահոգութիւններով կ՛ապրինք եւ կը տեսնենք: Մենք կը տեսնենք անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ ձեզ պիտի վերացնեն, եւ որոնք, ցաւօք, իրենք զիրենք վերածած են դաշոյններու` զիս գիշեր ու ցերեկ դանակահարելու համար, սակայն մէջքս կրնայ դիմանալ, իմ մէջքս լեռ է, որովհետեւ իմ մէջքս դուք էք` իմ յենարանս, իմ հպարտութիւնս, իմ ընտանիքս եւ իմ ժողովուրդս», աւելցուց նախկին վարչապետը:

«Մեր ապագան մեր ձեռքով կը կառուցենք, գիտենք երբ սպասել, երբ պատասխանատուութիւն ստանձնել, եւ գիտենք, թէ ազգային հարիրիականութիւնը հեռաւորութիւն կ՛առնէ եւ մարտիկի հանգիստ կ՛առնէ, սակայն չի տապալիր ու չի չքանար: Հարիրիականութեան տապալման վրայ գրաւ դրածներէն շատեր իրենք տապալեցան», նշեց Հարիրի:

«Մեր ծրագիրը «նախ Լիբանան»-ն է, որ չենք արտօներ, որ որեւէ համայնքային սադրանքի կամ ներքին կռիւներու վերադառնայ, ասոր վկան մեր պատմութիւնն ու վճարած գինն է, եւ մեր հակառակորդները սկսան դաշնակիցներէն առաջ այդ մասին վկայել», յայտնեց ան:

«Յատուկ ողջոյն Թրիփոլիին եւ Թրիփոլիի մեր ժողովուրդին, որոնց կ՛ըսեմ` Թրիփոլիի մէջ փուլ եկածը միայն երկու շէնքեր չեն: Թրիփոլիի մէջ փուլ եկան պետութեան մէջ եւ պետութենէն դուրս բոլոր պաշտօնատարներուն արժանապատուութիւնները: Փուլ եկաւ քաղաքագէտներուն, կուսակցութիւններուն, ղեկավարութիւններուն ու գործարարներուն հաւաստիութիւնը: Բոլորս Թրիփոլիի նկատմամբ թերացած ենք, եւ բոլորս պատասխանատու ենք Թապպանէի ողբերգութեան: Զօրակցութեան հաղորդակցութիւններն ու պատասխանատուութիւնը միայն պետութեան ուսերուն բեռցնելը այլեւս օգուտ չունի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թրիփոլին կ՛ամբողջացնէ Միջերկրականի վրայ կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկը ըլլալու յաջողութեան բոլոր պայմանները»:

«Լիբանանցիները յոգնեցան, եւ պատերազմներու, պառակտումներու, առանցքներու եւ քարայրներու երկարատեւ տարիներէ ետք իրաւունք ունին բնական երկիր մը ունենալու: Երկիր մը, ուր կայ մէկ սահմանադրութիւն, մէկ բանակ, մէկ զէնք, որովհետեւ Լիբանանը մէկ է եւ մէկ կը մնայ: Որովհետեւ մասնատման երազները տապալեցան իրողութեան, պատմութեան ու աշխարհագրութեան լոյսին տակ, եւ կցման ու տիրելու պատրանքներու սեփականատէրերը փախուստ տուին», նշեց ան:

«Ձեր անունով անկեղծ ողջոյն կ՛ուղղեմ հարաւային Լիբանանի մեր ժողովուրդին, որ արժանի է, որ պետութիւնը զիրենք պաշտպանէ եւ հոգայ, զիրենք իրենց հողին, մեր հողին մէջ հաստատէ, բոլոր լիբանանցիներու միատեղ ջանքով ու զօրակցութեամբ», յայտնեց նախկին վարչապետը:

«Թաէֆի համաձայնութեան շնորհիւ բոլոր լիբանանցիները համաձայնելէ եւ պատերազմին վերջ տալէ ետք, խոստացան զայն գործադրել: Իւրաքանչիւրը այս համաձայնութեան մէկ մասը կ՛առնէ եւ անոր գործադրութիւնը կը պահանջէ: Արդիւնքը` ո՛չ Թաէֆը կը գործադրուի, ո՛չ ալ մեր տագնապները վերջ կը գտնեն: Թաէֆի ամբողջական գործադրութիւնը կը նշանակէ, թէ պետութեան ձեռքը եղողէն դուրս զէնք չկայ, վարչական ապակեդրոնացում կայ, համայնքայնութեան ջնջում եւ Ծերակոյտի ստեղծում կայ»:

«Հարիրիականութիւնը միշտ ալ եղած է եւ պիտի մնայ արաբական ամէն մերձեցման աջակից եւ արաբական ամէն տարակարծութիւն վանող: Ան, որ Ծոցի շրջանին մէջ եւ արաբական տարակարծութեան վրայ գրաւ կը դնէ, ձեռնունայն պիտի մնայ, եւ իր ձեռքն ու վարկը այրէ: Կ՛ուզենք լաւագոյն յարաբերութիւններ մշակել արաբներուն հետ, սկսելով նոր Սուրիայէն, որ ձերբազատուեցաւ ոճիրի վարչակարգէն եւ զայն կը ղեկավարէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհը, եւ մենք անոր ձեռքը կը սեղմենք», աւելցուց ան:

Սաատ Հարիրի նաեւ յայտարարեց. «Մէկ տարի առաջ, (Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան) 20-ամեակին, ձեզի ըսի, թէ Ռաֆիք Հարիրիի հոսանքը` Մուսթաքպալ հոսանքը ազգային գործողութիւններուն մէջ ձեր ձայնը պիտի ըլլայ: Այդ գործողութիւններուն կարեւորագոյնն ու գլխաւորը երեսփոխանական ընտրութիւններն են: Այժմ ամբողջ երկիրը երկու հարցում ունի` ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենա՞ն, եւ Մուսթաքպալ հոսանքը ի՞նչ պիտի ընէ: Մէկ պատասխան ունիմ. ինծի ըսէք` ընտրութիւնները ե՛րբ են, որպէսզի ձեզի ըսեմ, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը ի՛նչ պիտի ընէ: Սակայն ձեզի կը խոստանամ, երբ ընտրութիւնները տեղի ունենան, կը խոստանամ` մեր ձայները պիտի լսեն եւ մեր ձայները պիտի հաշուեն»:

Նախկին վարչապետը աւելի ուշ Պէյթ Ուասաթի մէջ յայտնեց. «Լիբանանը անցնող տարիներուն շատ տառապեցաւ: Կը մաղթենք, որ Լիբանան ապահովութեան ափ հասնի»:

«Շնորհակալութի՛ւն Պէյթ Ուասաթի մէջ գտնուղներուն, որովհետեւ անիկա ձերն է, եւ կ՛ուզեմ միասնաբար շարունակենք Ռաֆիք Հարիրիի երթը», նշեց ան:

Նախորդը

Խալիլ. «Յառաջիկայ Ընտրութիւնները Երկրի Քաղաքականութեան Ու Կառավարման Ուղղութեան Որոշման Կարեւորագոյն Շրջադարձային Պահն Են»

Յաջորդը

Բագրատունի. «Ռաֆիք Հարիրին Սիրով Կը Յիշենք»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.