Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 12, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտէն ետք հրաժեշտի այցելութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր նոր պաշտօնին վրայ:

– ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ծառայութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ ծառայութեան հարաւային Լիբանանի շրջանային տնօրէնութիւնը ձերբակալած է սուրիացի մը` Իսրայէլի հետ գործարքներ կնքելուն համար:

Ի յայտ եկած է, որ Սուրիոյ քաղաքացին ապօրինի անցակէտերու ճամբով գաղտնաբար մուտք գործած է Լիբանան:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բռնագրաւումի ուժերը այսօր արշալոյսին ընտանիքի մը ձայնային ռումբերու կիրարկումով ստիպեցին դատարկել Պլիտա Շարքիա գիւղի մերձակայքին մէջ գտնուող իր բնակարանը, նախքան ընտանիքին հեռանալէն ետք զայն պայթուցիկ տակառներով քանդելը»:

– ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Հակառակ այն իրողութեան, որ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովներու վերականգնումը պահանջուած մակարդակին վրայ քայլ մը չէ, սակայն նպաստեց Լիթանի գետէն հիւսիս շրջանին մէջ զէնքի մենաշնորհման նիւթին շուրջ ներքին մագլցումի թուլացման: Կը նախատեսուի, որ բանակի ծրագիրը յառաջիկայ շաբաթ որդեգրուի առանց նախարարաց խորհուրդին մէջ սուր պառակտումներու, ինչ որ ներքին եւ միջազգային մէկէ աւելի ուղղութիւններով դրական տպաւորութիւն կը ստեղծէ, միանալով լիբանանեան հաստատ դիրքորոշման, որ կը մերժէ իսրայէլեան հեռացման իրագործումէն ու անոր հետեւող գերիներու եւ վերաշինութեան հարցերով այլ քայլերէն առաջ բանակցութիւններու որեւէ ընդլայնում»:

– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին. «Լիբանանեան հիւանդանոցներ ահաբեկչութեան ցուցակի վրայ ներառելու քուէյթեան որոշումը մաս կը կազմէ Լիբանանի վրայ բանեցուող արաբական ու միջազգային ճնշումներուն, որպէսզի յառաջ ընթանայ կազմաքանդումին մէջ Հըզպալլայի ելեւմտական ենթակառոյցին, որ Ծոցի երկիրներուն վրայ ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ»:

– «ԱՍԱՍ ՄԵՏԻԱ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Հըզպալլայի կապի եւ համակարգումի միաւորի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հրաժարականը կը յաջորդէ շէյխ Նայիմ Քասեմի տուած վարչական որոշումներուն, որոնց հիմամբ   ճշդուեցան «կապի եւ համակարգումի» միաւորի լիազօրութիւններու եւ առաքելութիւններու ճշդման ու զայն «համակարգումի» միաւորի վերածման քայլերը:

– ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Օրինազանցութիւններու հետապնդման ծիրին մէջ տարուող աշխատանքին մէջ լրջութիւն կայ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի մոթորսիքլեթներու եւ փոխադրակառքերու վարորդներուն, ինչպէս նաեւ իրերայաջորդ կերպով միջոցառումներու կեանքի կոչման: Ուստի այդ ուղղութեամբ աստիճանական մագլցում գոյութիւն ունի»:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Ազուր Պարտութեան Մատնեց Ռիատին` 85-88 Արդիւնքով

Յաջորդը

Քապալան. «Դիմադրութեան Վերջին Պատերազմին Մատուցածը Առասպելական Տոկունութեան Հսկայական Բնորդ Մըն Է»

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի

February 19, 2026
Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է  Իր Պարտաւորութիւնները  Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը  Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»
Լիբանանեան

Ամմար. «Պետութիւնը Պէտք Է Իր Պարտաւորութիւնները Կատարէ, Եւ Ոչ Թէ Թունաւորումը Աւելի Զօրաւոր Թոյնով Դարմանէ»

February 19, 2026
Խուրի. «Բանակը Մօտաւորապէս Մէկ Ամսուան  Կարիք Ունի Լիթանիէն Հիւսիս Իր Տեղակայման  Երկրորդ Փուլը Գնահատելու»
Լիբանանեան

Խուրի. «Բանակը Մօտաւորապէս Մէկ Ամսուան Կարիք Ունի Լիթանիէն Հիւսիս Իր Տեղակայման Երկրորդ Փուլը Գնահատելու»

February 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.