Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Յետաձգեց Երեսփոխանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները` Ընդառաջելով Հրաժարեալ Վարչապետ Հարիրիի Խնդրանքին

December 17, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդառաջեց հրաժարեալ վարչապետ Հարիրիի խնդրանքին` երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները յետաձգելով հինգշաբթի, 19 դեկտեմբերին, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարել կառավարութեան կազմութեան հարցին գծով:

Երէկ առաւօտեան հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր նախագահ Աունին հետ եւ անկէ խնդրած յետաձգել խորհրդակցութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան 19 դեկտեմբերին` նոյն ժամանակացոյցով:

Հանրապետութեան Նախագահին Տեղեկատուական Գրասենեակի Հաղորդագրութիւնը

Հանրապետութեան նախագահին տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշած էր, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պլոքը իր ձայները պիտի դնէր նախագահին տրամադրութեան տակ, որպէսզի «ան իր ուզած ձեւով վարուէր անոնց հետ», ապա Մուսթաքպալ հոսանքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուէր նոյն հարցին` «Սահմանադրութեան խախտում»-ի կրկնուող մեղադրանքով:

Հանրապետութեան նախագահին տեղեկատուական գրասենեակը անհրաժեշտ կը նկատէ ներկայացնել հետեւեալ բացատրութիւնները.

Առաջին. այսօր տեղի ունենալիք երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն վերաբերող զուտ կեղծիք եւ կանխատեսում է այն խօսքը, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր ձայները դրած է նախագահին տրամադրութեան տակ: Հետեւաբար, հանրապետութեան նախագահէն խորհրդակցութիւններու յետաձգումը խնդրելու համար այդ պատճառաբանութիւնը օգտագործելը մտադրութիւններու դատողութիւն է, որ չի յարմարիր պատշաճ քաղաքական գործ կատարելու սկզբունքին եւ բացայայտ փորձ է այդ խնդրանքը արդարացնելու եւ այլ պատճառները անտեսելու:

Երկրորդ. հանրապետութեան նախագահը, որուն վստահուած է Սահմանադրութեան պահպանութիւնը, յանձնառու է բովանդակութեամբ եւ ոգիով եւ կարիքը չունի ոեւէ մէկէն դասեր ստանալու այս մարզին մէջ` յատկապէս ինչ կը վերաբերի իր սահմանադրական լիազօրութիւններուն վերաբերեալ յօդուածներուն եւ կէտերուն, որոնք շատ լաւ գիտէ եւ չի շրջանցեր զանոնք: Նախագահը երկու անգամ կայացուցած երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին որդեգրած է այն սկզբունքը, որ երեսփոխաններէն չէր ընդուներ ոչ մէկ լիազօրութիւն, կամ նախագահին տալու ազատութիւն, այլ` ան երեսփոխաններէն կը պահանջէր յստակօրէն ներկայացնել իրենց թեկնածուն, կամ չներկայացնել` առանց երրորդ ընտրանք մը դնելու:

Երրորդ. վարչապետ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակին, ապա Մուսթաքպալ հոսանքի հաղորդագրութիւններուն մէջ դրուած «սահմանադրութեան խախտում»-ի մասին խօսքը կը վերադառնայ զայն արձակողներուն, որոնք պէտք է լաւ գիտնային սահմանադրական օրէնքները եւ հրաժարէին Սահմանադրութեան բովանդակութեան եւ ոգիին հակասող կիրարկումներէն»:

Նախագահ Աուն Ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութենէն Պատուիրակութիւն Մը

Նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահի խորհրդական եւ նախկին ընդհանուր քարտուղար Միշել Խուրին եւ կուսակցութեան ներկայ ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեանը, որոնք կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլի եւ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Աունին` Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ Ժոզեֆ Ապու Խալիլի մահուան առիթով ցաւակցութեան համար:

Նախորդը

Համայնքային Կիրքեր Հրահրող Տեսանիւթ Մը Բռնկեցուց Կեդրոնական Պէյրութը

Յաջորդը

Մամետեարով. «Եթէ Պատերազմը Վերսկսի, Բանակցային Հոլովոյթը Պէտք Է Շարունակուի»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.