Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐԱԴԱՏ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն հաստատեց, որ ինք տեղւոյն վրայ պէտք էր ձերբակալել տար երեսփոխան Հատի Հպէյշը` աւելցնելով սակայն, որ ինք այդ միջոցին չէ դիմած, որպէսզի մարդկային վնասներ չարձանագրուին: Աուն նշեց, որ Հպէյշ դատարան ներկայացած էր իր միլիսով:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Մահմուտ Քումաթի հաստատեց, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ հայրենիքին մէջ գործակից է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց կազմելու ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը, որ համապատասխանէ լիբանանցիներու ձգտումներուն եւ դարմանէ անոնց ցաւերը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ժորժ Աթալլա շեշտեց, որ պահանջուածը այն է, որ ոչ մէկ սուրիացի տեղահանուած վերադառնայ Լիբանան, ի՛նչ ալ ըլլան այդ վերադարձին պատճառաբանութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի ընդգծեց, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն հետ պէտք է խաղաղութեամբ վարուիլ` առանց անոնց դէմ բռնութիւն կամ ուժ գործադրելու: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան սահմանադրութիւնն ու կանոնները կ՛արտօնեն, որ ժողովուրդը արտայայտէ իր բողոքը եւ ցոյցեր կազմակերպէ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի ըսաւ. «Ո՛վ որ վարչապետ նշանակուի, պէտք է կառավարութիւն կազմէ, եւ մենք պիտի ըլլանք անոր զօրակցողները` շինիչ ընդդիմութիւն դառնալով»:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ ինք կը մերժէ ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազին վարուելակերպը` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան թղթածրարին առումով: Ան արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալպեր Սարհանէն պահանջեց միջամտել եւ պէտք եղած հետաքննութիւնը կատարել այդ իմաստով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց հայրենիքին նկատմամբ զիջումներ կատարելու` աւելցնելով, որ եթէ Լիբանան փուլ գայ, ապա անիկա ի վնաս բոլորին պիտի ըլլայ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ պետական մարզի շահաբեր ոլորտներուն արագ կերպով սեփականաշնորհումը վտանգաւոր է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Մաալուֆ նշեց, որ իրենք զգացած են, որ սուղ կը վճարեն իրենց կատարած նախաձեռնութիւններուն գինը, այդ պատճառով ալ քայլ մը հեռացած են:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը անմեղ քայլ մը չէր:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ նոր կազմուելիք կառավարութեան մաս չկազմելու տեսակէտին շնորհիւ պիտի դիւրանայ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ապա անիկա ազգային վեհ կեցուածք է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն փափաքիր Սաատ Հարիրիի վարչապետ վերանշանակումը` աւելցնելով, որ Հարիրի ելեւմտական կամ տնտեսական ոչ մէկ հարց պիտի կարենայ լուծել: Ան նշեց, որ ամերիկացիներուն առաջադրած վարչապետը Նաուաֆ Սալամն է, որուն մօտ կը գտնուի Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին լուծումը:

Նախորդը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Զօրակցութիւնը Լիբանանահայ Վարժարաններուն

Յաջորդը

Անդրադարձ. Անարժէք

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.