Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչէն տեղեկացաւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խմբաւորման ժողովի արդիւնքներուն մասին: Հանդիպումէն ետք Քիւպիչ մեկնեցաւ առանց որեւէ յայտարարութիւն կատարելու:
Բրիտանիոյ Դեսպանին Հետ Հանդիպում
Պասիլ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի հետ, որ նոյնպէս չուզեց որեւէ յայտարարութիւն կատարել` լրագրողներուն յիշեցնելով իր թուիթըրեան գրառումը, որուն մէջ կը վերահաստատէր իր երկրին դիրքորոշումը ցոյցերուն մէջ տեղի ունեցող վայրագութիւններէն նախազգուշացման վերաբերեալ:



