Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «2020 Թուականին Պիտի Սկսին Քարիւղի Եւ Բնական Կազի Հորատման Աշխատանքները, Ինչ Որ Դրական Խթան Կը Հանդիսանայ Տնտեսութեան Համար»

Դեկտեմբեր 14, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նատա Պուսթանին եւ Քարիւղի մարզի կառավարման մարմինի պատուիրակութիւնը: Նախագահը շեշտեց, որ 2020 թուականին պիտի սկսին քարիւղի եւ բնական կազի հորատման աշխատանքները լիբանանեան շրջանային ջուրին մէջ` յուսալով, որ Լիբանան կը դառնայ քարիւղ արտադրող երկիրներէն մէկը, ինչ որ դրական խթան պիտի հանդիսանայ Լիբանանի տնտեսութեան համար եւ պիտի բարելաւէ Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմանները:

Նախագահ Աուն լիբանանցիները շնորհաւորեց այս նուաճումին առիթով, որ իրագործուեցաւ շնորհիւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղային եւ կազային հարստութենէն օգտուելու պնդումին` նշելով, որ ատիկա իրականութիւն դարձաւ իր պաշտօնավարութեան սկիզբը վստահութեան քուէ ստացած կառավարութեան առաջին նիստին առաջին որոշումին ընթացքին: Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց ուժանիւթի նախարար Պուսթանիին եւ անոր նախորդած նախարարներուն ճիգերը` այս նուաճումը իրագործելու առումով:

Պուսթանի եւ պատուիրակութեան անդամները նախագահին ներկայացուցին լիբանանեան ափերուն վրայ թիւ 4 պլոքին մէջ քարիւղի եւ բնական կազի հորատման աշխատանքին անցած փուլերը եւ այդ ուղղութեամբ որդեգրուած միջոցառումները:

Հանդիպման աւարտին Պուսթանի նախագահ Աունին յանձնեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթահորի հորատումի առաջին արտօնագիրը, որ ստացած էր «Թոթալ» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահը` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան մէջ կայացած հաւաքին ընթացքին:

Հանդիպումէն ետք Պուսթանի լրագրողներուն յայտնեց, որ նախագահին յանձնած են նաւթահորի հորատումի առաջին արտօնագիրը, որ տուած են «Քոնսորթիում Թոթալ»-ի, «Այնի»-ի, եւ «Նովաթեք»-ի: Ան աւելցուց, որ նախագահին նաեւ ներկայացուցած են «Քոնսորթիում»-ին կատարելիք հետագայ աշխատանքները: Պուսթանի յայտնեց, որ նախագահը յուսացած է, որ դրական ըլլայ թիւ 4 պլոքին մէջ առաջին նաւթահորի հորատումի արդիւնքը:

Պատասխանելով թիւ 9 պլոքի մասին հարցումին` Պուսթանի յայտնեց, որ զուգահեռ պատրաստութիւններ կը կատարուին նաեւ թիւ 9 պլոքին համար, եւ երբ կատարուի թիւ 4 պլոքի նաւթահորի հորատումը եւ արդիւնքները հրապարակուին, նախարարութիւնը տեղեակ պիտի պահուի թիւ 9 պլոքի վայրէն եւ հորատումի թուականէն: Ան նշեց, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ 2020 թուականին` յայտնելով, որ «Քոնսորթիում»-ը մինչեւ հիմա յարգած է աշխատանքի ծրագիրն ու ժամկէտները, եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, պիտի սկսի թիւ 4 պլոքի նաւթահորի հորատումը:

Լիբանանի մէջ «Թոթալ» ընկերութեան տնօրէն Ռիքարտօ Տարի իր կարգին յոյս յայտնեց, որ այս արտօնագիրը վերջինը չըլլայ եւ կարելի ըլլայ կատարել երկար եւ խտացուած աշխատանք` Լիբանանի մէջ յայտնաբերելու համար քարիւղի նոր հորեր:

Քարիւղի մարզի կառավարման մարմինի նախագահ Ուալիտ Նասր իր կարգին նշեց, որ արտօնագիր տրամադրելը կ՛ապացուցէ լիբանանեան պետութեան թարմացումը` իր բոլոր կառոյցներով եւ նախարարութիւններով, եւ ճամբայ կը հարթէ անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներուն` նաւթահորերու հորատումը կատարելու միջազգային պահանջուած չափանիշներուն հիման վրայ:

Նասր բացատրեց, որ ամբողջացան երկրաբանական եւ բնապահպանական ուսումասիրութիւնները, ինչպէս նաեւ վարչական եւ գումակային նախապատրաստական աշխատանքները կատարուած են, որպէսզի «Թոթալ» ընկերութիւնը յաջողի նաւթահորի հորատումը կատարել ծովու մակերեսէն մօտաւորապէս 1500 մեթր խորութեան վրայ: Ան աւելցուց, որ նաւթահորի խորութիւնը կը կազմէ 4200 մեթր եւ հորատումի աշխատանքը ամբողջացնելը կը կարօտի 55-էն 60 օրուան, ինչպէս նաեւ յաւելեալ 2 ամսուան` ուսումնասիրելու համար հորատման արդիւնքները: Ան յոյս յայտնեց, որ արդիւնքը դրական ըլլայ, եւ կարելի ըլլայ գտնել քարիւղն ու բնական կազը: Ըստ անոր, եթէ նոյնիսկ արդիւնքը դրական չէ, ապա նաւթահորի հորատումը ինքնին շատ կարեւոր է` նոր տուեալներ ունենալու լիբանանեան ծովուն մէջ քարիւղային համակարգը հաստատելու համար եւ հաստատելու երկրաբանական այն տուեալները, որոնք թոյլ կու տան աւելի առողջ ձեւով ծրագրելու այլ պլոքներու հորատումը եւ լիբանանեան պետութեան կարելիութիւն կու տան շարունակելու մնացեալ արտօնագիրներու հրապարակումը:

Նախագահ Աուն Ընդունեց Պեքաայի Արդիւնաբերողներու Խմբաւորման Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Աուն երէկ նաեւ ընդունեց Պեքաայի արդիւնաբերողներու խմբաւորման պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Նիքոլա Ապու Ֆայսալի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Սելիմ Աուն: Պատուիրակութիւնը նախագահին ներկայացուց ընդհանրապէս ճարտարարուեստի մարզին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ մասնաւորաբար Պեքաայի մէջ տիրող կացութիւնը: Պատուիրակութեան անդամները նախագահէն խնդրեցին Կեդրոնական դրամատունէն պահանջել դրամատուներուն ուղարկել անհրաժեշտ շրջաբերականները, որպէսզի լիբանանցի արդիւնաբերողները կարենան արտերկրէն տարրական նիւթերը գնելու համար դրամատնային եւ վարկային փոխանցումները կատարել Կեդրոնական դրամատան կողմէ ճշդուած ամերիկեան տոլարի փոխանակման սակով, եւ իրենց լիբանանեան դրամանիշով դրամատնային հաշիւէն: Անոնք նշեցին, որ ասիկա դրականօրէն պիտի օգնէ ներքին շուկաներուն նէջ արտադրութիւններու եւ տարրական նիւթերու գիներու չբարձրանալուն:

Նախագահ Աուն մտիկ ըրաւ պատուիրակութեան պահանջներուն` խոստանալով դիմել անհրաժեշտ միջոցառումներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազեցնել արդիւնաբերողներուն տառապանքը ընդհանրապէս եւ Պեքաայի մէջ յատկապէս:

Նախորդը

Նասրալլա. «Հըզպալլա Վտանգ Չի Ներկայացներ Լիբանանցի Ժողովուրդին, Այլ` Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ծրագիրներուն»

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Քաղաքական Ղեկավարութիւնը Տեսակցեցաւ Անճէյ Քասփրչիքին Հետ

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?