Այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի կայանան վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնք, ըստ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, պիտի արդիւնաւորուին նշանակելով վարչապետ մը` կազմելու համար մասնագէտներէ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններէ կազմուած կառավարութիւն մը:
Վարչապետ նշանակուելու ամէնէն հաւանական թեկնածուն է Սաատ Հարիրին, որ սակայն կառչած կը մնայ զուտ մասնագէտներէ բաղկացած նախարարաց խորհուրդի մը կազմութեան` վարչապետ նշանակուելու պարագային:
«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:
Վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն նախօրեակին անոնք քննարկած են կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:
Երէկ կէսօրին Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան կառչած կը մնայ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմելու իր կեցուածքին:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան յայտնեց, որ լիբանանեան իշխանութիւններն ու քաղաքական պատասխանատուները ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնեն` լուծելու համար երկրին տագնապը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ յարձակումի փորձ մը կատարէ, ապա լիբանանեան պետութիւնն ու Հըզպալլան շատ սուղ պիտի վճարեն անոր գինը:
Միւս կողմէ, նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնած էր, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի լիբանանցիներուն` աւելցնելով, որ փտածութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ լիբանանցի երկու գործարարներու դէմ պատժամիջոցներ որդեգրած են` զանոնք նկատելով Հըզպալլային զօրակցողներ:
Ան շեշտեց, որ իրենք իրենց բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործեն դիմադրելու համար Հըզպալլայի ներկայացուցած սպառնալիքին:
Իսկ Միջին Արեւելքի հարցերով Փոմփէոյի օգնական Տէյվիտ Հէյլ մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի քաղաքական պաշտօնատարներու հետ, բացի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլէն:
Մինչ քաղաքական կեանքն ու անոր հոլովոյթը իրենց դանդաղ ու անորոշ թափով կ՛ընթանան, Ժողովրդային շարժումը շաբաթ օր դարձեալ բռնկեցաւ, երբ ցուցարարներուն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ:
Խաղաղ բնոյթ ունեցող բողոքի ցոյցերը շաբաթ կէսօրէ ետք վերածուեցան աւելի մագլցողական բնոյթ ունեցող ցոյցերու, որոնց ընթացքին ցուցարարները վերսկսան հրկիզել անիւներ, ինչպէս նաեւ փորձել խորհրդարան ներխուժել:
Քայլեր, որոնք մղեցին Ներքին ապահովութեան ուժերու բռնութեան դէմ պայքարող ջոկատի բռնի միջամտութեան:
Այս որոշումին իբրեւ հետեւանք Ռինկի կամուրջին, Ռիատ Սոլհ հրապարակի, Նահատակաց հրապարակի եւ Սայֆիի տարածքին մէջ արձանագրուեցան բախումներ, որոնց ընթացքին ցուցարարները ապահովութեան ուժերը քարկոծեցին եւ անոնց վրայ պայթուցիկ նետեցին, իսկ ապահովութեան ուժերը ջուր սրսկելով եւ արցունքաբեր կազեր արձակելով փորձեցին ցրուել ցուցարարները:
Սայֆիի մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնատեղիին դիմաց ապահովութեան ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին, կեդրոնատեղիէն դուրս եկաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ յայտնեց, թէ վիրաւոր ցուցարարները կրնան ուղղուիլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնատեղի` դարմանումի:
«Նման դէպքերու բնաւ ականատես չենք եղած: Ապահովութեան ուժերը ցուցարարներուն հետ կը վարուին, կարծէք անոնք ահաբեկիչներ ըլլան», ըսաւ Ժեմայէլ` աւելցնելով, որ լիբանանցի երիտասարդներուն կատարած ցոյցը խաղաղ է:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր հասան մեծ թիւով քաղաքացիներու օգնութեան եւ տեղւոյն վրայ դարմանեցին 33 վիրաւորներ, իսկ 10 ուրիշներ փոխադրուեցան հիւանդանոց:
Միւս կողմէ, անոնք ստիպուեցան նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու 20 անդամներ եւ 3 սպաներ փոխադրել հիւանդանոց:
Նշենք, որ Կեդրոնական Պէյրութի փողոցներուն մէջ ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն ու լիբանանեան բանակին միջեւ արձանագրուեցան նաեւ բախումներ, երբ ցուցարարները փորձեցին շրջանցել երկաթեայ արգելքները` Նըժմէ հրապարակ ուղղուելու նպատակով:
Ապահովութեան ուժերն ու բանակը ձերբակալեցին մեծ թիւով ցուցարարներ:
Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին սկսած այս ցոյցերն ու բախումները տեւեցին մինչեւ առաւօտեան ժամը 3:00:
Ցոյցերուն եւ բախումներուն ընթացքին, երեկոյեան ժամը 10:00-ի շուրջ Լիբանանի տարբեր շրջաններու, գլխաւորաբար` Պեքաայի, Ալէյի, Սայտայի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ցուցարարներ փակեցին փողոցներ:
Կիրակի առաւօտեան լիբանանցիները արթնցան Աքքարի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան գրասենեակին դէմ գործուած յարձակումին լուրով:
Աւելի ուշ նշուեցաւ, որ Աքքարի մէջ հրկիզուած է նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի գրասենեակը:
Զոյգ գրասենեակներուն դէմ գործուած բռնարարքները դատապարտուեցան, եւ կոչ ուղղուեցաւ զգուշանալու:
Երէկ կէսօրէ առաջ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ինք ամբողջ գիշեր մտահոգութեամբ եւ զարմանքով հետեւած է խորհրդարանին շրջակայքը արձանագրուած իրարանցումին, քաղաքացիներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումներուն, ինչպէս նաեւ երկու կողմերէն արձանագրուած վիրաւորներուն:
«Նկատի ունենալով, որ ցոյցին միջամտած են սադրիչներ, ապահովութեան ուժերէն պահանջեցի թափանցիկ հետաքննութիւն մը կազմակերպել` ճշդելու համար պատասխանատուութիւնները եւ ըստ այնմ վարուելու», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հասան իր հաղորդագրութեամբ կոչ ուղղեց ցուցարարներուն զգուշանալու սադրիչներէն, որոնք կը փափաքին ժողովուրդին արդարացի պահանջները շահագործել` հասնելու համար ապահովութեան ուժերուն հետ բախումի եւ իրականացնելու քաղաքական նպատակներ:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Միջերկրականեան երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու միջոցներուն մասին նիստի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապը ծաւալի, ապա հսկայական հարցեր պիտի արձանագրուին:
Արաբական լիկան երէկ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան մասին եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու ու ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին կազմելու կառավարութիւն մը, որ վայելէ լիբանանցիներուն վստահութիւնը:
Ան նշեց, որ միայն նման կառավարութեան կազմ մը կարողութիւն կ՛ունենայ երկիրը փրկելու իր տագնապէն` գործադրելով բարեկարգումի ծրագիրը:
Միւս կողմէ, կիրակի առաւօտեան Դատական ոստիկանութիւնը Զալքայի մէջ ձերբակալեց հասարակական գործիչ Ռապիհ Զէյնը` դատական իշխանութիւններուն դէմ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ունեցած ըլլալու ամբաստանութեամբ: Ամբաստանութիւնը կատարած էին իրաւաբաններ Ուիսամ Մազպուհ եւ Աշրաֆ Մուսաուի:
Վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն հարցաքննելէ ետք Զէյնը որոշեց զայն արգելափակել` դատական իշխանութիւնները վարկաբեկելու յանցանքով:
Երեկոյեան շուրջ ժամը 5:00-ին ցուցարարներ Պաապտայի դատարանին մուտքին կատարեցին բողոքի ցոյց մը` պահանջելով Ռապիհ Զէյնի ազատ արձակումը:
Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներ սկսան հաւաքուիլ ու քայլարշաւներ կազմակերպել Նահատակաց հրապարակի, Ռիատ Սոլհի, Սուրի, Սայտայի, Նապաթիէի, Քֆար Ռըմմանի, Հասպայայի, Թրիփոլիի, Աքքարի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին Նահատակաց հրապարակի, Ռիատ Սոլհ հրապարակի, Սայֆիի եւ Ռինկի տարածքին մէջ դարձեալ բախումներ արձանագրուեցան ցուցարարներուն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Բախումները սկսան, երբ ցուցարարներուն կողմէ քարեր եւ ջուրի շիշեր նետուեցան Նըժմէի հրապարակին հսկող ապահովութեան ուժերուն դէմ եւ փորձեցին ներս մուտք գործել:
Բախումները հետզհետէ ստացան աւելի բուռն բնոյթ, անոնց միջամտեց նաեւ լիբանանեան բանակը:
Այլ շրջաններու մէջ, ինչպէս Ժիէի, Նաամէի, Սայտայի, Հալպայի, Մընիէի, Թաալպայայի, Մարժի եւ Ժտիթայի մէջ ցուցարարներ ճամբաներն ու մայրուղիները փակեցին` առ ի զօրակցութիւն Կեդրոնական Պէյրութի ցուցարարներուն:
Երեկոյեան ժամը 9:30-11:00-ի միջեւ բախումները աւելի եւս սաստկացան քաղաքացիներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ, երբ ցուցարարներուն կողմէ ապահովութեան ուժերուն դէմ պայթուցիկներ նետուեցան, իսկ ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց կարգին ցուցարարները փորձեցին ցրուել` արցունքաբեր կազեր արձակելով:
Այս ընթացքին հրկիզուեցան Նահատակաց հրապարակի վրանները, ինչպէս նաեւ կարգ մը երիտասարդներ յարձակեցան Կեդրոնական Պէյրութի վաճառատուներուն վրայ եւ նիւթական մեծ վնասներ պատճառեցին անոնց:
Երեկոյեան ժամը 12:30-ին ցուցարարներուն թիւը համեմատաբար նուազեցաւ, երբ անոնց մեծ մասը փոխադրատարներով վերադարձաւ Թրիփոլի:
Առաւօտեան ժամը 1:00-ին, Նահատակաց հրապարակին վրայ տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, երբ գրեթէ ոչ մէկ ցուցարար մնաց:
Պէտք է աւելցնել, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման Կեդրոնական Պէյրութի մէջ կարգ մը ցուցարարներու հետ զրուցելու ընթացքին խորհուրդ տուաւ անոնց պահպանելու ցոյցերուն խաղաղ բնոյթը:
Միւս կողմէ, Ռայա Հասան բախումներուն ընթացքին կոչ ուղղեց ցուցարարներուն լքելու ցոյցի հրապարակները` հաստատելով, որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ բախումները ստեղծողները սադրիչներ են:
Նշենք նաեւ, որ Սայտայի Էլիա հրապարակին վրայ շաբաթ յետմիջօրէին ցուցարարները զետեղեցին 7 մեթր բարձրութեամբ տօնածառ մը, որ կը խորհրդանշէ լիբանանցիներուն համակեցութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը: Ըստ ցուցարարներուն, անիկա տօնածառ մըն է, որ կը լուսաւորէ ժողովրդային շարժումին պահանջները:
Սուրի մէջ եւս լուսաւորուեցաւ տօնածառը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի: