Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթ օր ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական հարցերու խորհրդատու, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրին, որ գործուղուած էր Հարիրիի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի որոշէ, թէ վարչապետի պաշտօնին համար որո՞ւն թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ:
Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք պիտի մասնակցին վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, սակայն նոր կազմուելիք կառավարութեան մաս պիտի չկազմեն` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի աշխուժ ու թափանցիկ նախարարաց խորհուրդի մը եւ ոչ թէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան:
Ան նկատել տուաւ, որ իրենք համաձայն չեն, որ կառավարութեան տեսակը ըլլայ մասնագէտներու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու կառավարութիւն մը:
Ժահժահ յայտնեց, որ նախքան ժողովրդային շարժումի սկիզբ առնելն ու ձեւաւորուիլը, 2 սեպտեմբեր 2019-ին, Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած տնտեսական յատուկ ժողովին ընթացքին իրենց կեցուածքը յստակ եղած է: «Այդ օրուընէ մենք պահանջեցինք կազմել մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որուն անդամները ըլլան նաեւ անկախ ու պարկեշտ անձնաւորութիւններ, որպէսզի պետութեան նկատմամբ քաղաքացիին քանդուած վստահութիւնը վերահաստատուի: Կարեւորագոյնը վստահութիւնն է, որովհետեւ առանց անոր տնտեսութիւն չկայ, եւ դժբախտաբար վստահութիւնը կորսուած է», ըսաւ Ժահժահ:
Իր կարգին, Խուրի յայտնեց, որ քննարկումները կեդրոնացան կառավարութեան եւ վարչապետի նշանակման հարցերուն վրայ` աւելցնելով, որ Ժահժահի հետ խոր համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, եւ ան կ՛որոշէ, թէ Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական համախմբումը ո՛վ կ՛առաջադրէ վարչապետի պաշտօնին համար:
Խուրի յայտնեց, որ Սաատ Հարիրի մտահոգ է երկրին փրկութեամբ` աւելցնելով, որ ոչինչ կ՛արգիլէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Հարիրիի միջեւ հանդիպումը:
Խուրի նշեց, որ ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչներուն մէկ մասը համաձայն է Հարիրիին, իսկ միւս մասը կը մերժէ զայն: «Կարեւորը սակայն կը մնայ այն, որ կարելի ըլլայ փրկել երկրին տնտեսական կացութիւնը եւ պայքարիլ տնտեսական տագնապին դէմ: Հարիրի հարցերը բարդացնողը չէ, այլ` ամէն իմաստով այդ հարցերը լուծել ջանացողը», ըսաւ Խուրի: