Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոհա Լիբանանի Օժանդակութեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ

Դեկտեմբեր 16, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթավերջին, «Տոհա 2019» ֆորումի շրջագիծին մէջ, Քաթարի ելեւմուտքի նախարարը հաստատեց, որ Քաթար Լիբանանին նեցուկ պիտի կանգնի` անոր դիմագրաւած տնտեսական ու ելեւմտական այս տագնապին ընթացքին:

Այս յայտարարութեան լոյսին տակ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ:

Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախագահ Աուն Լիբանան հրաւիրեց Քաթարի իշխանը, որ խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին Տոհայի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Տոհա 2019» ֆորումին, որուն ընթացքին ան շեշտեց, թէ իրենք համոզուած են, որ Լիբանան պէտք է զետեղուի բարեկարգումի ուղիին վրայ: «Եթէ այդ բարեկարգումին իրականացումը ժողովրդային շարժումի ցոյցերուն շնորհիւ կատարուի, ապա անիկա լաւ է: Եթէ այդ բարեկարգումը միջազգային ընտանիքին բանեցուցած ճնշումներով կատարուի` հարց չունինք: Սակայն կարելի չէ ընդունիլ, որ Լիբանանի վրայ պարտադրուին այնպիսի օրինակներ, որոնք չեն կրնար յաջողիլ, նոյնիսկ եթէ անոնք այլ երկիրներու մէջ փորձարկուած են ու յաջողած», ըսաւ ան:

Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի տնտեսական օժանդակութեան` աւելցնելով, որ կան նաեւ քաղաքական տարակարծութիւններ, որոնք պէտք է լուծուին առանց սահմանադրութիւնը խախտելու:

«Կ՛աշխատինք կազմելու բարեկարգումի կառավարութիւն մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ լուծել քաղաքացիներուն հարցերը, վերջ տալ ելեկտրականութեան ու աղբի տագնապներուն եւ բազմաթիւ ծառայութիւններ մատուցել լիբանանցիներուն», ըսաւ ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք ոչ մէկ հարց ունին կառավարութեան մէջ չներկայացուելու առումով` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ Լիբանան պէտք է գոյատեւէ իբրեւ խաղաղութեան աղբիւր եւ ոչ տագնապի կեդրոն:

Իր կարգին, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժամիլ Ժապաք, որ կը մասնակցի «Տոհա 2019» ֆորումին, յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապին շրջագիծին մէջ` այս ֆորումին մասնակցութիւնը կարեւոր է:

Նշենք, որ Ժապաք հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Քաթարի վարչապետ շէյխ Ապտալլա պըն Մոհամետ Ալ Թանիի հետ:

 

Նախորդը

Ժահժահ Ընդունեց Հարիրիի Քաղաքական Խորհրդատուն

Յաջորդը

Ցուցարարներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Շաբաթավերջի Բուռն Բախումներէն Ետք . Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւնները

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?