Տէյվիտ Հէյլ Լիբանանցի Ղեկավարներուն Յորդորեց Բարեկարգումներ Կատարել
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Տէյվիտ Հէյլ երէկ հասաւ Պէյրութ, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ: Տէյվիտ Հէյլ երէկ կէսօրին այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Նախագահ Աուն ամերիկացի պաշտօնակատարին ըսաւ, որ կառավարութեան կազմութիւնը սկսած է հինգշաբթի երեկոյեան` նոր վարչապետի նշանակումով: Հանրապետութեան նախագահը բացատրեց, որ այս կառավարութիւնը ունի բազմաթիւ պարտականութիւններ, որոնց...




















