Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նայիմ Քասեմ. «Կը Փափաքինք, Որ Լիբանանի Մէջ Կազմուի Փրկութեան Եւ Բարեկարգումի Կառավարութիւն Մը»

Դեկտեմբեր 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթավերջին յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի, որ Լիբանանի մէջ կազմուի փրկութեան եւ բարեկարգումի կառավարութիւն մը, որուն մաս կազմեն քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերը:

«Այդ կառավարութիւնը պէտք է նկատի ունենայ ժողովրդային պահանջները եւ լիբանանցիներուն իրաւունքները շնորհէ, որպէսզի անոնք կարենան արժանապատիւ կեանք մը ապրիլ: Կառավարութիւն մը, որ կարենայ գործել անմիջական օրէնսդրութեամբ եւ ռազմավարութեամբ, ինչպէս նաեւ մշակել տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութիւններ, որոնք կ՛ապահովեն բոլորին իրաւունքները, կը լուծեն անգործութեան հարցը, ինչպէս նաեւ կը պայքարին մսխումի եւ փտածութեան դէմ», ըսաւ ան:

Շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդգծեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան իրագործելիք մեծագոյն նուաճումը պէտք է ըլլայ ելեւմտական քաղաքականութեան մշակումը, որպէսզի լիբանանցի քաղաքացիներուն իրաւունքները, յատկապէս դրամատնային հաշիւները պաշտպանէ:

«Կարելի չէ ընդունիլ մեծահարուստները նկատի ունենալ` անտեսելով համեստ դասակարգը: Կարելի չէ երկար սպասել, պէտք է քաղաքական բոլոր կողմերը աշխատին ի խնդիր լիբանանցի քաղաքացիին իրաւունքներուն երաշխաւորման», ըսաւ ան:

Նախորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Փոխնախագահ Ժոզեֆ Ապու Խալիլ Մահացաւ

Յաջորդը

Ժահժահ Ընդունեց Հարիրիի Քաղաքական Խորհրդատուն

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?