Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը` ներկայութեամբ Հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթիի: Նախագահ Աուն զօր. Քոլէն պահանջեց հետաքննել իսրայէլեան բանակի օգտին գործող քարիւղի հետախուզում կատարող յունական նաւի` լիբանանեան ջուրերը խախտելու պատճառները եւ այնտեղ 7 ժամ մնալը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ որեւէ ոտնձգութիւն իր տարածքային ջուրերուն մէջ իր օրինական իրաւունքներուն նկատմամբ` նշելով, որ իսրայէլեան ծովային ոտնձգութիւնները լիբանանեան ինքնիշխանութեան նկատմամբ աւելի նուազ վտանգաւոր չեն, քան ցամաքային եւ օդային խախտումները, որոնք Իսրայէլ կը շարունակէ իրագործել:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու է աշխուժացնելու բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ առկայ համագործակցութիւնը` պահպանելու համար կայունութիւնը եւ երկխօսութեան ու համակարգումի միջոցով լուծելու համար առաջադրուած հարցերը: Նախագահ Աուն գնահատեց խաղաղապահ ուժերուն թափած ջանքերը` ուղղուած կապոյտ գիծի ամբողջ երկայնքին կայունութիւնը պահպանելու` վերահաստատելով Լիբանանի յանձնառութիւնը թիւ 1701 բանաձեւին նկատմամբ:
Զօր. Տել Քոլ նախագահ Աունին ներկայացուց Նիւ Եորք կատարուած իր այցելութեան արդիւնքները եւ միջազգային պատասխանատուներու հետ ունեցած հանդիպումները, որոնք յատկացուած էին հարաւային Լիբանանի կացութեան քննարկման: Տել Քոլ նաեւ այցելած էր Ուաշինկթըն եւ հանդիպած շարք մը ամերիկացի պատասխանատուներու հետ, որոնց ներկայացուցած էր ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու կացութիւնը իր տարբեր կողմերով եւ անոնց բացատրած ՖԻՆԻՒԼ-ը ֆինանսաւորելու հոլովոյթին շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի խաղաղապահ ուժերը կարենան իրագործել թիւ 1701 բանաձեւով ճշդուած պարտականութիւնները: Տել Քոլ նախագահին հետ նաեւ քննարկեց լիբանանեան-միջազգային-իսրայէլեան եռակողմանի յանձնախումբի ժողովներուն արդիւնքները: Այդ յանձնախումբը, որ նախանցեալ օր գումարեց ընթացիկ տարուան վերջին նիստը, հերթաբար իր հանդիպումները կ՛ունենայ Նաքուրայի միջազգային հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին մէջ:



