Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայութեամբ Գործակից Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն. Դոկտոր Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան Հրապարակեց Լիբանանի Աշխատաւորական Եւ Ապրուստի Իրավիճակին Գծով Կատարուած Վիճակագրութեան Արդիւնքները

Դեկտեմբեր 19, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան երէկ` չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2019-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան Հատաթի կեդրոնին մէջ հրապարակեց Լիբանանի աշխատուժի եւ ընտանիքներու ապրուստի իրավիճակին գծով կատարուած վիճակագրութեան արդիւնքները` ներկայութեամբ Եւրոպական Միութեան եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէի, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տնտեսական հարցերու խորհրդական Հազար Քարաքալլայի, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան մօտ արաբական պետութեանց շրջանային տնօրէն դոկտ. Ռուպա Ժրատաթի, տնտեսական եւ ընկերային մարզերու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մամլոյ եւ յատկապէս լսողատեսողական մարզի ներկայացուցիչներու:

Փետրուար 2018-ին սկսած վիճակագրական այս հետազօտութիւնը, որ իր տեսակին մէջ դրական աննախընթաց իրագործում մըն է Լիբանանի ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակի ուսումնասիրութեան եւ ախտաճանաչումներու հրապարակման գծով, առանցքը կազմեց այս առնչութեամբ դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեանի հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արտասանուած խօսքերուն:

Արդարեւ, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնը ողջունելով ներկաները, բացուած յայտարարեց մամլոյ ասուլիսը եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը հրաւիրեց իր խօսքը ուղղելու:

Լիբանանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան քաղաքացիական ընկերութեան, ընկերային բարգաւաճման, ապահովութեան եւ կառավարման վարչութեան նախագահ Ռեն Նիլընտ իր խօսքին մէջ սեղմ տողերով անդրադարձաւ կատարուած վիճակագրական աշխատանքին` զայն նկատելով իբրեւ արդիական, առարկայական եւ կազմակերպուած վիճակագրութիւն` կրթական, առողջապահական, թէ աշխատանքի առիթներու մարզերուն գծով: Ըստ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչին, այս աշխատանքը յստակ ու առարկայական տուեալներ պիտի հայթայթէ` ճշդելու համար բնակչութեան ապրելակերպի չափանիշները, հետեւաբար պիտի յանգի աւելի շինիչ որոշումներ տալու, ինչպէս նաեւ` աշխատանքի եւ կեդրոնական հաստատ քաղաքականութեան ճամբան պիտի հարթէ: Եւրոպական Միութեան նիւթական նուիրատուութեամբ իրագործուած վիճակագրական այս աշխատանքը արժանացաւ Նիլընտի խիստ բարձր գնահատանքին:

Ապա դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան խօսքը փոխանցեց Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան մօտ Արաբական պետութեանց շրջանային տնօրէն դոկտ. Ռուպա Ժրատաթի: Դոկտ. Ժրատաթ նոյնպէս բարձր գնահատեց կատարուած աշխատանքը, որ իրագործուած էր գործակցաբար Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան պատկան կառոյցներուն: Ան յայտնեց, որ վիճակագրական այս աշխատանքը կատարուած է Լիբանան բնակող 40 հազար ընտանիքներու հետ, ինչ որ վիճակագրական տարողութեան աննախընթաց քայլ է: Անիկա իրագործուած է հետեւելով արդիական, առարկայական, բծախնդիր սկզբունքներու եւ կու գայ Լիբանանի մէջ աշխատաւորական մարդուժի եւ ընկերային իրավիճակին գծով տուեալներու բացը գոցելու: Ան մաղթեց, որ վիճակագրական նման աշխատանքներ կրկնուին տարեկան առնուազն երկու հերթականութեամբ: Ժրատաթ վերահաստատեց Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը Լիբանանին` իրագործելու համար Լիբանանի բարգաւաճման համար 2030 թուականին ընդառաջ նախատեսուող տեսլականները: Ան նաեւ նշեց այս գծով նշեալ կազմակերպութեան գործակցութեան եւ ներդրումի քայլերուն մանրամասնութիւնները` մաղթելով, որ լիբանանեան պատկան մարմինները կ՛որդեգրեն եւ նկատի կ՛ունենան ներկայացուած այս վիճակագրութեան տուեալները:  Դոկտ. Ժրատաթ անհրաժեշտ նկատեց, որ միջազգային ընտանիքը շարունակէ իր զօրակցութիւնը Լիբանանին: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը յանձնառու է շարունակելու իր զօրակցութիւնը այս վիճակագրութեան պատկան մարմիններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ բոլորին համար կերտել ու իրականացնել ծաղկումի եւ ընկերային արդարութեան ապագայի տեսլականը:

Իր կարգին, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան խօսք առնելով անդրադարձաւ վիճակագրական այս աշխատանքի իրագործման մանրամասնութիւններուն: Ան նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին` այս ծրագիրի իրագործման անոր մնայուն զօրակցութեան եւ աջակցութեան համար: «Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը այսօր կը հրապարակէ Լիբանանի աշխատուժի եւ ընտանիքներու ապրուստի պայմաններուն եւ իրավիճակին մասին ապրիլ 2018-էն մինչեւ մարտ 2019-ի ընթացքին կատարուած մասնագիտական ընդարձակ վիճակագրութեան մը արդիւնքները», ըսաւ Կիտանեան` նշելով, որ այս աշխատանքը ամբողջութեամբ ֆինանսաւորուած է Եւրոպական Միութեան Լիբանանի պատուիրակութեան կողմէ եւ օգտուած է Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան գործնական օժանդակութենէն:  «Այս վիճակագրութեան կարեւորութիւնը այն է, որ անիկա առաջին անգամ ըլլալով կատարուեցաւ գաւառներու մակարդակով», յայտնեց Կիտանեան` նշելով, որ նման աշխատանք կատարուած է նաեւ 2019-ի ամրան` պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ, եւ անոր արդիւնքները պիտի հրապարակուին յառաջիկայ տարի: Ան թուեց, թէ վիճակագրութիւնը ընդգրկած է 40 հազար ընտանիքներ, որոնցմէ 79 առ հարիւր համեմատութեամբ ընդառաջած են: Վիճակագրութեան արդիւնքները հիմնականին մէջ կեդրոնացած են չորս մարզերու վրայ` Լիբանան բնակողները, կրթական մարզը, աշխատաւորական մարդուժը եւ ընտանիքներու ապրուստի պայմանները:

Լիբանանի մէջ բնակողներու թիւը կը հաշուէ չորս միլիոն ութ հարիւր հազար անձ, որոնց ութսուն առ հարիւրը լիբանանցիներ են, իսկ մնացեալ քսան առ հարիւրը` ոչ լիբանանցիներ:

Լիբանանի աշխատուժին 70,4 առ հարիւրը կը կազմեն տղամարդիկը, իսկ 29,3 առ հարիւրը` իգական սեռը:  Անգործութեան համեմատութիւնը կը հաշուէ 11,4 առ հարիւր:  15-էն 24 տարեկանի միջեւ եղող երիտասարդութեան մօտ անգործութեան համեմատութիւնը կը հաշուէ 23,3 առ հարիւր, ինչ որ բարձրագոյնն է 2004-էն ի վեր: Անգործ երիտասարդութեան 35 առ հարիւրը համալսարանական վկայականներ կը կրեն:

Կրթական առումով, կրթական համակարգին հետեւողներու համեմատութեան 79,2 առ հարիւրը լիբանանցիներ են, իսկ 48,2 առ հարիւրը` Լիբանան բնակող ոչ լիբանանցիներ:

Անգրագիտութեան կամ անուսներու մակարդակի համեմատութիւնը լիբանանցիներուն մօտ 6,3 առ հարիւր է, իսկ ոչ լիբանանցիներուն մօտ` 12,5 առ հարիւր:

Առողջապահական իմաստով Լիբանանի բնակչութեան 55,6 առ հարիւրը կը վայելէ առողջապահական հոգածութիւն, մինչ մնացեալ 44,4 առ հարիւրը զուրկ է առողջապահական հոգածութենէ:

Լիբանանի բնակարանային կառուցուածքին գծով բնակարաններու 66,2 առ հարիւրը կառուցուած է մօտ քառորդ դար առաջ, մինչ վերջին հնգամեակին 2,2 առ հարիւր է կառուցուած նոր բնակարաններու համեմատութիւնը:

Բնակչութեան 22,5 առ հարիւր համեմատութիւնը կ՛օգտագործէ բնակարանային ըմպելի ջուրը, մինչ  76,9 առ հարիւրը կը խմէ այլ աղբիւրներէ, իսկ նուազ քան մէկ առ հարիւր համեմատութիւնը կ՛օգտագործէ հոգածութենէ զուրկ անապահով ջրային աղբիւրներ:

Դոկտ. Կիտանեան իր խօսքի աւարտին յայտնեց, որ այս վիճակագրութիւնը իր մանրամասնութիւններով պիտի հրապարակուի 2020 թուականի սկիզբը: Ան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց  բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են այս վիճակագրութեան իրագործումին, յատկապէս` Եւրոպական Միութեան եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան, վիճակագրութեան աշխատանքի անձնակազմին, վիճակագրութեան ընդառաջած ընտանիքներուն եւ  մամլոյ ներկայացուցիչներուն:

 

 

Նախորդը

Ամալ Եւ Հըզպալլա. «Կը Նախազգուշացնենք Անկարգութիւններէ Եւ Վայրագութեան Գործողութիւններէ»

Յաջորդը

Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպում. Պըրրի. «Մենք Հրահանգ Կու Տանք Անձնասպան Ըլլալու, Բայց Ոչ` Կիրքերը Հրահրելու»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?